ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Ռուսիոյ ռազմաճարտարապետական համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Տմիթրի Շուկայեւ յայտնեց, թէ Թուրքիոյ հետ արտածման պաշտպանական պատուէրներու թղթածրարը կը գնահատուի մէկ միլիառ տոլարով:
Ցարդ Թուրքիոյ հետ գործարքներու արժէքը պաշտօնապէս չէր հրապարակուած:
Սեպտեմբեր 2019ին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա շատ յաջող կերպով կը համագործակցին ռազմաարդիւնաբերական ոլորտին մէջ եւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան նոր հեռանկարային սպառազինութիւններու ոլորտին մէջ:
Ներկայիս Թուրքիոյ զինանոցին մէջ կան ռուսական ուղղաթիռներ, զանազան տեսակի ցամաքային սպառազինութիւն, ինչպէս նաեւ «Էս. 400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, որոնց մատակարարումը աւարտած էր անցեալ տարի: