ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս».- Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, կատարուեցաւ բժիշկներու եւ բժշկական մարզին մէջ աշխատողներու օրհնութեան կարգ։
Այս առիթով դուրս հանուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ պահուող Սուրբ Ղուկաս աւետարանիչի մասունքակիր Աջը։ Սուրբ առաքեալը կը նկատուի բժիշկներու հովանաւորն ու բարեխօսը։
Էջմիածինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ Մայր Աթոռի միաբանները Սուրբ Ղուկաս Աւետարանչի բարեխօսութեան հայցով իրենց աղօթքը բարձրացրեցին առ Աստուած համավարակի դժուարին պայմաններում իրենց աստուածահաճոյ ծառայութիւնը բերող բժիշկների ու բուժաշխատողների պահպանութեան, անվտանգութեան եւ անձնուէր գործունէութեան արդիւնաւորման համար»։
Արարողութեան ներկայ էին բժշկական հաստատութիւններու ղեկավարներ, բժշկական կեդրոններու «Քորոնա» ժահրի բաժանմունքներու պատասխանատուներ եւ բժիշկներ։
Օրհնութեան կարգի աւարտին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր խօսքը ուղղեց համայն ժողովուրդին, յատկապէս բժիշկներուն ու առողջապահութեան ոլորտի բոլոր աշխատակիցներուն։