ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- 2021ի Միացեալ Նահանգներու պետական ամավարկին մէջ արտաքին աջակցութեան մասին քննարկումներուն ընթացքին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան, Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբի Արտաքին գործողութիւններու ենթայանձնախումբին ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն աջակցելու մասին իր նախապատուութիւնները։
Շեշտելէ ետք, թէ ներկայ հանգրուանին յոյժ կարեւոր է Քոնկրեսին կողմէ հաստատուած եւ Հայաստանին տրամադրուելիք օգնութեան ծրարէն 25 միլիոն տոլար գումարի անյապաղ յանձնումը՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու նպատակով՝ Երիմեան աւելցուց, թէ Արցախի ականազերծման ջանքերը աւարտելու համար բաւարար գումար եւս պէտք է տրամադրուի։ «Արցախին օգնելու ծրագիրը շատ փոքր ծախս մըն է Միացեալ Նահանգներուն համար, սակայն անիկա յատկանշական ներդրում մը պիտի ըլլայ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն համար», ընդգծեց Երիմեան:
Հայաստանի համար 90 միլիոն տոլարի աջակցութեան առաջարկը ներկայացնելու ընթացքին, ան շատ մտահոգիչ նկատեց այն իրողութիւնը, որ Ատրպէյճանին 100 միլիոն տոլարէն աւելի ռազմական աջակցութիւն կը տրամադրուի։
Շեշտուեցաւ նաեւ Արցախի տագնապին խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը, որուն համար կենսական նկատուեցաւ քոնկրեսականներ Էտ Ռոյսի եւ Էլիըթ Էնկըլի ներկայացուցած առաջարկներուն գործադրութիւնը։
Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները համաձայն են այդ առաջարկներուն գործադրութեան, սակայն Պաքու կ՛ընդդիմանայ անոնց։
Վկայութիւնը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել http://asbarez.com/194639 կայքէջը։