ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան տեսազրոյց մը ունեցաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) եւրոպական գրասենեակի տնօրէն Հանս Քըլիւկէի հետ:
Կողմերը քննարկեցին երկկողմանի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ վերջին ամիսներուն օրակարգային հարց դարձած «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին մէջ փոխգործակցութեան հնարաւորութիւնները:
Արսէն Թորոսեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը, կատարուած եւ ընթացիկ քայլերը, նաեւ տեղեկացուց նախատեսուող աշխատանքներուն մասին:
Զրոյցը ընդգրկեց կողմերը հետաքրքրող հարցերու լայն շրջանակ` մարդոց վարքագծային փոփոխութիւններու կարգաւորումէն մինչեւ նեղ մասնագիտական հարցեր:
Հանս Քըլիւկէ դարձեալ պատրաստակամութիւն յայտնեց կազմակերպութեան ամբողջ ներուժով եւ գործիքակազմով աջակցելու Հայաստանի մէջ գործադրուող ջանքերուն` ինչ որ թոյլ պիտի տայ յաղթահարելու համաճարակին վերաբերեալ բոլոր հարցերը: