ԾԱՌԵՐԷ ԿԱԽՈՒԵԼՈՎ ՄԱՀԱՑԱԾ ԵՐԿՈՒ ՍԵՒԱՄՈՐԹՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐԸ ԿԸ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԻՆ
ԱԹԼԱՆԹԱ․- Աթլանթայի ոստիկանութեան բանբերը «Սի.Էն.Էն.»ին յայտնեց, որ Ուրբաթ գիշեր, Աթլանթայի մէջ ափրիկեցի-ամերիկացի Ռէյշարտ Պրուքսի վրայ կրակելով զայն սպաննած ոստիկանը ժամանակաւորապէս հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն. այդ ուղղութեամբ կը կատարուի հետաքննութիւն:
Միջադէպին առնչակից երկրորդ ոստիկանին վարչական պաշտօն մը տրուեցաւ:
Աւելի ուշ, քաղաքի ոստիկանապետ Էրիքա Շիլտզ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն:
Աթլանթայի քաղաքապետը պահանջեց մարդասպան ոստիկանը պատասխանատուութեան կանչել՝ ըսելով. «Յստակ տարբերութիւն կայ «ի՛նչ կրնաս ընելու»ն եւ «ի՛նչ պէտք է ընես»ին միջեւ, եւ չեմ կարծեր, որ ասիկա մահաբեր ուժի կիրարկման արդարացուած պարագայ էր»:
Սպաննուած ափրիկեցի-ամերիկացին 27 տարեկան էր. ան վիրաւորուելէ ետք փոխադրուած էր հիւանդանոց, ուր մահացած էր, իսկ ոստիկաններէն մէկը դարմանումի ենթարկուած էր եւ դուրս եկած հիւանդանոցէն:
Ոստիկանութիւնը Պրուքսը ենթարկած էր ոգելից ըմպելիի քննութեան, զոր ձախողած էր, եւ, ըստ ականատեսներու, ձերբակալման ընթացքին ան փորձած էր ոստիկաններուն դիմադրել եւ փախուստ տալ:
Նշենք, որ երէկ ոստիկանութիւնը Քալիֆորնիոյ Սան Պերնանտինօ քաղաքի վառելանիւթի կայարաններէն մէկուն մէջ սպաննեց երիտասարդ մը, որ ըստ ականտեսներու, անտունի մըն էր:
Նաեւ, Քալիֆորնիոյ Փալմտէյլ քաղաքին մէջ, հետաքննութիւն սկսած է անցալ շաբթուան ընթացքին ծառէ մը կախուած վիճակի մէջ գտնուած սեւամորթ Ռապըրթ Ֆուլըրի մահուան շուրջ։ Տեղական իշխանութիւնները նախ յայտարարած էին, որ ենթական անձնասպանութեան դիմած էր, սակայն անոր ընտանեկան պարագաները անհաւական կը նկատեն այդ բացատրութիւնը։
Նման միջադէպ մը պատահած էր նաեւ Քալիֆորնիոյ Վիքթըրվիլ քաղաքին մէջ, եւ Փալմտէյլի միջադէպէն ետք, եւ զոհին՝ Մալքըմ Հարշի ընտանիքին պահանջով, հետաքննութիւն սկսած է նաեւ այդ գծով։