ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալեւին անգամ մը եւս կոչ ուղղեց համաձայնելու իր այն բանաձեւին հետ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Արցախի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար:
Փաշինեան այս արտայայտութիւնը ունեցաւ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին` «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Տաթեւիկ Հայրապետեանի հարցումին իբրեւ պատասխան:
«Իմ կոչը մնում է նոյնը Ադրբեջանի ղեկավարին` ի վերջոյ կառուցողական մօտեցում ցուցաբերել, հրապարակային համաձայնել իմ առաջարկած բանաձեւի հետ, որ ԼՂ հարցի կարգաւորումը պէտք է ընդունելի լինի Արցախի, Հայաստանի եւ Ադրբեջանի ժողովրդի համար», յայտնեց Փաշինեան:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութեան` վարչապետը նշեց, որ հայ ժողովուրդը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը վախերու պրիսմակով ընկալելու սովորութիւն չունի:
«Այն բովանդակութիւնը, որ մեր կառավարութիւնը դրել է տարածաշրջանային քաղաքականութեան հիմքում, հիմնուած է խաղաղութեան բովանդակութեան վրայ, իսկ Ադրբեջանի քաղաքականութիւնը երկար ժամանակ հիմնուած է ռազմաշունչ յայտարարութիւնների տրամաբանութեան վրայ: Այդ ռազմաշունչ յայտարարութիւնների հիմնական նպատակն այն է, որ Արցախի, Հայաստանի ժողովուրդը, Արցախն ու Հայաստանը Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման ողջ պրոցեսն (գործընթացը-Խմբ.) ընկալեն վախերի պրիզմայով: Միայն այդ պարագայում կարող է այդ ռազմաշունչ յայտարարութիւնների վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը պայմանականօրէն լինել արդիւնաւէտ, բայց հայ ժողովուրդը, առաւել եւս ԼՂ հարցը, վախերի պրիզմայով ընկալելու սովորութիւն չունի», հաստատեց վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց, որ բացառուած է որեւէ սպառնալիքի ներքոյ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակցային բովանդակութիւն պարտադրել: