ՄԵԿՈՒՍԱՑՄԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ ԱՌՆՈՒԱԶՆ 3 ՄԻԼԻՈՆ ԿԵԱՆՔԵՐ ՓՐԿԱԾ ԵՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, ԼՈՆՏՈՆ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ Հինգշաբթի օր յայտարարեց, որ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ նահանգին տարածքին վարակումներուն թիւը կը շարունակէ աճիլ, այն պահուն, երբ տնտեսութիւնը վերաբանալու քայլեր կ՛առնուին, այսուհետեւ նահանգին տարածքին հանրային բոլոր վայրերերուն մէջ, որոշ բացառումներով, դիմակ կրելը պարտադիր պիտի ըլլայ, սակայն ներկայ հանգրուանին այս հրահանգը անտեսողներուն պատժամիջոցներ չէ սահմանուած։
Ան ազդարարեց, որ անոնք, որոնք կ՛անտեսեն այս օրէնքը, կրնան վնաս հասցնել ուրիշներու առողջութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութիւնը բնականոն դարձնելու ջանքերուն, անուղղակիօրէն ակնարկելով Օրենճ գաւառին մէջ դիմակ կրելու պարտադրանքը վերցնելու քայլին։
Նաեւ, Լոնտոնի Թագաւորական համալսարանի մասնագետներուն կատարած մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն՝ աշխարհի տարածքին համաճարակին բռնկումէն ետք գործադրուելու սկսած մեկուսացման հրահանգները եւրոպական միայն 11 երկրներու մէջ, ներառեալ՝ Իտալիոյ, Սպանիոյում, Ֆրանսիայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ մէջ, փրկած է մօտաւորապէս երեք միլիոն քաղաքացիներու կեանքերը եւ առաջքը առած է մօտաւորապէս 62 միլիոն վարակումներու։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 18 Յունիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 36 քաղաքացիներ մահացած են գաւառին տարածքին եւ արձանագրուած են վարակման 1051 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 78,227 վարակումներ եւ 3027 մահեր։ Քննութիւններուն թիւը հասած է 868,000ի, որոնց 8 տոկոսը վարակակիր եղած է։
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 167,000ի եւ արձանագրուած են 5362 մահեր։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 2․27 միլիոն եւ 120,738 են։
Միացեալ Նահանգներէն ետք վարակակիրներու եւ մահերու մեծագոյն թիւերը ունեցող Պրազիլի մէջ վարակումներու արագ աճը կը շարունակուի եւ կը մօտենայ 1 միլիոնի, իսկ մահերուն թիւը հասած է 47,897։ Վարակակիրներու արագ աճ կ՛արձանագրուի նաեւ Ռուսիոյ եւ Հնդկաստանի մէջ, ուր ներկայիս կան յաջորդաբար 569,063 եւ 384,953 վարակուածներ։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 8.6 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը կը մօտեան 457,000ի։ Ապաքինած են մօտաւորապէս 4․6 միլիոն վարակուածներ։