ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 1875ին հիմնադրուած եւ օրական 1 միլիոն տպաքանակով լոյս տեսնող արաբական ամէնէն հեղինակաւոր «Ալ Ահրամ» (Եգիպտոս) օրաթերթին մէջ, 25 Յունիսին հրապարակուած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բացառիկ հարցազրոյցը լայն արձագանգ գտած է արաբական աշխարհի այլ յայտնի լրատուամիջոցներուն մէջ։
Անոնցմէ ոմանք ոչ միայն անդրադարձած են հարցազրոյցին, այլ նաեւ իրենք ալ արտատպած են զայն՝ անգամ մը եւս բարձրաձայնելով Հայաստանի նախագահին խօսքը. «Մենք չենք կարող մոռանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ չենք կարող հաշտուել դրա հետեւանքների հետ: Մենք չենք կարող անտեսել զոհերի եւ վերապրածների տառապանքները եւ նրանց սերունդների համար պէտք է ապահովենք անվտանգ ու արժանապատիւ ապագայ»:
«Հայոց Ցեղասպանութեան Յանցագործութիւնը Վաղեմութեան Ժամկէտ Չունի. Օսմանցիները Գործադրեցին Պատմութեան Ամէնէն Զարհուրելի Ցեղասպանութիւնը», վերնագրուած հարցազրոյցը մասնաւորապէս արտատպած է քրտական հեղինակաւոր ANF (Firat News Agency) լրատուական գործակալութիւնը:
Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ արտատպած է սուրիական հեղինակաւոր «Ալ Ազմենահ» թերթը:
Յիշեցնենք, որ հարցազրոյցին մէջ նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնաւորաբար խօսած էր Հայոց Ցեղասպանութեան, Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կարեւորութեան եւ Ցեղասպանութեան դասերուն մասին:
«Ցաւալի է գիտակցել, որ մարդկութիւնը դասեր չքաղեց Հայոց Ցեղասպանութիւնից, այն մոռացուեց, երկար ժամանակ մնաց չճանաչուած ու չդատապարտուած, ինչը կարող էր կանխել մարդկութեան պատմութեան ընթացքում հետագայ նման ոճրագործութիւնները: Եւ մարդկութիւնը դրանից յետոյ նորից ականատես եղաւ այլ ցեղասպանութիւնների», հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ նախագահ Սարգսեան՝ աւելցնելով. «Իմ խորին համոզմամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ միայն հայերիս համար է, այլ առաջին հերթին այն համամարդկային անանց արժէքների նկատմամբ մօտեցման հարց է, այդ չարիքը կանխարգելելու հարց: Հէնց այս գիտակցութեամբ է առաջնորդւում Հայաստանն՝ իր քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններից մէկը սահմանելով ցեղասպանութիւնների կանխարգելումը եւ այս ուղղութեամբ ակտիւօրէն (աշխուժօրէն-Խմբ.) քայլեր ձեռնարկելով ազգային եւ միջազգային մակարդակներով»:
Reprinted in several newspapers shows alertness for restarting facts into Cyprus, Syria, Iraq, Libya, Lebanon and new follow ups, delays could be costly for candidates.