ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Անհետ կորսուած ազատամարտիկներու յիշատակի օրուան առիթով, 29 Յունիսին, Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը այցելեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան ներկայացուցիչներ, ազատամարտիկները միաւորող հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, անհետ կորսուած ազատամարտիկներու հարազատներ ու մարտական ընկերներ:
Այցելուները յարգանքի տուրք մատուցեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին անհետ կորսուած ազատամարտիկներու յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին առջեւ: