ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․- Միացեալ Նահանգներու տարածքին, 1 Յուլիսին, «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը առաջին անգամ ըլլալով շրջանցեց 50,000ի սահմանը, մինչ երկրին գլխաւոր համաճարակաբան Էնթընի Ֆաուչին զգուշացուց, որ վարակին տարածումը զսպելու բաւարար քայլեր չիրականացնելու պարագային, այդ թիւը կրնայ 100,000ի հասնիլ։ Ամէնօրեայ վարակումներու թիւը 22,000ի շուրջ էր Յունիսի սկիզբը։
Նոր վարակումներուն առաւել քան կէսը արձանագրուած է Ֆլորիտայի, Թեքսասի, Քալիֆորնիոյ եւ Արիզոնայի մէջ:
1 Յուլիսի յետմիջօրէին յայտարարուեցաւ, որ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին, Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին վարակուած 35 քաղաքացիներ մահացած են եւ արձանագրուած են վարակման 2002 նոր պարագաներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 105,507 վարակումներ եւ 3402 մահեր: Քննութիւններուն թիւը հասած է 1․2 միլիոնի, որոնց 9 տոկոսը վարակակիր եղած է: Ներկայիս, վարակակիրներէն 1889ը հիւանդանոցային խնամք կը ստանայ:
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 239,000ի․ արձանագրուած են 6164 մահեր: Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 2.8 միլիոն եւ 130,997 են:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 11 միլիոնի, իսկ մահերուն թիւը կը մօտեայ 516,000ի: Ապաքինած են մօտաւորապէս 6 միլիոն վարակուածներ:
Պրազիլի, Ռուսիոյ եւ Հնդկաստանի մէջ կան յաջորդաբար 1.46 միլիոն, 661,165 եւ 618,394 վարակուածներ: