ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Կիրակի, 28 Յունիսին, Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 25ամեակին առիթով, Հայրապետական մաղթանք կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ գործող թեմերու եկեղեցիներուն մէջ։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցանեց Ս.պատարագ, որուն ընթացքին հանդիսապետեց Հայրապետական մաղթանքի արարողութեան, մասնակցութեամբ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի եւ քահանայ հայրերուն։
Առաջնորդը իր քարոզին սկզբնաւորութեան փառք ու գոհութիւն վերառաքեց Աստուծոյ, որ այս տարի անգամ մը եւս առիթը ընծայեց Հայրապետական մաղթանք կատարելու եւ աղօթք բարձրացնելու վեհափառին առողջութեան եւ երկար տարիներու գահակալութեան համար։ Ան նշեց, որ նախորդող օրը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Գիւտ Նշխարաց տօնն էր՝ աւելցնելով, որ յաջորդող հայրապետներուն համար փարոս մըն էր։ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, այսօր, Արամ Ա․ կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 25րդ տարեդարձն է։ Ան յուշեց, որ 25 տարիներ առաջ, Անթիլիասի Մայրավանքը վերածուած էր Վերնատան, ուր Ազգային պատգաւորական ժողովը հաւաքուած էր ընտրելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռի նոր գահակալը։ Ամփոփ կերպով խօսելով Արամ շնորհազարդ կաթողիկոսի յաջողութիւններուն եւ իրագործումներուն մասին՝ առաջնորդը շեշտեց, որ վեհափառը սարկաւագութեան տարիներէն սկսեալ, հասնելով մինչեւ կաթողիկոսական բարձրագոյն կարգ, շարունակ Սաղմոսերգուին նոյն բառերն է որ արտասանեց. «Տէ՜ր, ցոյց ինձ ճանապարհ յոր եւ գնացից»։ Այս բառերը եղան վեհափառին առաջնորդութեան ուղղութիւնը։
Հայրապետին գահակալութեան տարիները լեցուն են եկեղեցաշինութեան, հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան, Հայ եկեղեցին ժողովուրդին տանելու, երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ մօտեցնելու, հրատարակութեանց, Հայ Դատի եւ բազմաթիւ այլ աշխատանքներու յաջողութիւններով, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց արդիւնաւոր գործունէութիւնը Միջին Արեւելքի եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդին ճամբով՝ իր ստանձնած բարձրագոյն պաշտօններու պատասխանատուութեան եւ ղեկավարութեան ընդմէջէն։ «Տարեդարձները մեր կեանքին մէջ այն խաչմերուկներն են, ուր պահ մը մենք բոլորս կանգ պէտք է առնենք նախ շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ՝ անցեալին շնորհած բոլոր բարիքներուն եւ օրհնութեանց համար եւ ապա խնդրենք ու փնտռենք Աստուծոյ ներկայութիւնն ու շնորհքը, որ ապագային Ինք դարձեալ առաջնորդէ մեզ։ Ես վստահ եմ, որ այսօր վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մէջ իր գահին վրայ բազմած, երբ կը հետեւէր Ս. խորանին վրայ կատարուած արարողութեան, իր կեանքի այս խաչմերուկին պահ մը կանգ առաւ եւ իր սրտի խորերէն աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, շնորհակալութիւն յայտնելով, որ զինք առաջնորդեց այն ճանապարհով», ըսաւ առաջնորդը։
Իր քարոզի աւարտին, յանուն թեմի հոգեւոր դասուն, ժողովականներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ առաջնորդը շնորհաւորեց կաթողիկոսը եւ մէջբերեց շարականագիրին «շնորհազարդ պայծառացո զգաւազանն իշխանութեան հայրապետին» բառերը, աղօթելով, որ Աստուած վեհափառին կաթողիկոսական մականը պայծառացնէ, որպէսզի ան Տիրոջ ներկայութիւնը ապրելով եւ վայելելով՝ սիրով ու հայրաբար մեզ առաջնորդէ Աստուծոյ փառքին եւ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին բարօրութեան։
Պատարագը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգներով։