ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Այլ վարժարաններու նման, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի 2019-2020 տարեշրջանի հանդէսները իւրայաուկ եղան համաճարակին պարտադրած պայմաններուն պատճառով։
Արդարեւ, երեք հանգրուաններով եւ վարժարանին բակին մէջ, առաջնորդութեամբ տնօրէն դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի՝ տեղի ունեցան մանկապարտէզի եւ վեցերորդ ու ութերորդ դասարաններուն ամավերջի հանդէսները, ներկայութեամբ ուսուցիչներուն, աւարտական դասարաններու հունձքերուն եւ ծնողներուն, յարգելով հեռաւորութիւն պահպանելու պայմանները։