ԵՐԵՒԱՆ, »Երկիր«.- Ճենտերէ փողոցը, որ կը գտնուի Պոլսոյ կեդրոնական թաղամասերէն մէկուն հնագոյն մասին` Սարիէրի մէջ, Պոլսոյ մօտ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութեան առաջարկով եւ նախաձեռնութեամբ վերանուանուեցաւ «Ատրպէյճան փողոց»:
Ըստ ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցներուն` «Երկու պետութիւն` մէկ ազգ» կարգախօսին համահունչ այս իրադարձութիւնը կը դառնայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պատմական եղբայրութեան մէկ այլ վառ օրինակը:
Փողոցը վերանուանուած է Սարիէրի քաղաքային ժողովի համապատասխան որոշումին համաձայն: Այս որոշումը ներկայացուած է Պոլսոյ քաղաքային ժողովին` պաշտօնական ընթացակարգերը աւարտելու համար: