Ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան՝ ՖԻՏԷի, կողմէ հրապարակուած նորագոյն դասաւորման մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մնաց նախորդ ամսուան իր գրաւած դիրքին վրայ՝ 7րդ: Աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն կը շարունակէ մնալ պարագլուխի դիրքին վրայ:
Կազմակերպութեան պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ առաջին հարիւրին մէջ, Հայաստան ունի չորս ներկայացուցիչներ եւս. անոնք են՝ Գաբրիէլ Սարգսեան՝ 53րդ, Կարէն Գրիգորեան՝ 71րդ, Հրանդ Մելքումեան՝ 77րդ եւ Սերկէյ Մովսիսեան՝ 98րդ: