ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն»․- Մինչ Բրիտանիոյ մէջ խմիչքի սրահները բացած են իրենց դռները, Արիզոնայի, Ֆլորիտայի, Թեքսասի եւ շարք մը այլ նահանգներու մէջ պատասխանատուները կ՛ընդունին, որ սահմանափակումները շատ կանուխ սկսան մեղմացնել: Ֆինիքսի քաղաքապետը այս իրականութեան հետ կը կապէ համաճարակին նոր բռնկումը: Անոր կ՛երկրորդէ Ֆլորիտայի Մայամի քաղաքի քաղաքապետը:
Այժմ մտավախութիւն կայ, որ վարակումներու նոր ալիք մը պիտի գայ Անկախութեան օրուան տօնակատարութիւններէն ետք։
6 Յուլիսի յետմիջօրէին յայտարարուեցաւ, թէ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին վարակուած 48 քաղաքացիներ մահացած են եւ արձանագրուած են վարակման 1584 նոր պարագաներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 116,570 վարակումներ եւ 3534 մահեր: Ներկայիս, վարակակիրներէն 1921ը հիւանդանոցային խնամք կը ստանայ:
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 277,000ի․ արձանագրուած են 6459 մահեր: Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 3.05 միլիոն եւ 133,302 են:
Ֆլորիտայի, Թեքսասի եւ Արիզոնայի մէջ կան յաջորդաբար 213,794, 210,006 եւ 105,094 վարակուածներ:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 12 միլիոնի, իսկ մահերուն թիւը հասած է 543,364ի: Ապաքինած են մօտաւորապէս 6․8 միլիոն վարակուածներ:
Պրազիլի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ կան յաջորդաբար 1.65 միլիոն, 739,646 եւ 694,230 վարակուածներ: Պրազիլի մէջ վարակուածներէն մէկն էր երկրին նախագահը, որ լրջութեամբ չէր մօտենար համաճարակին։