ՆԻՒ ԵՈՐՔ, ՄՈՍԿՈՒԱ.- Իսրայէլ ներթափանցման գործողութիւն կատարած է իրանեան «Նաթանզ» հիւլէական գործարանին մէջ` օգտագործելով պայթուցիկ նիւթեր, կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով իր սեփական աղբիւրներուն:
Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութիւնը 2 Յուլիսին հաղորդած էր, որ «Նաթանզ» կառոյցներէն մէկուն մէջ հրդեհ սկսած էր:
Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէկ աղբիւրին՝ Իսրայէլ պայթուցիկ սարք մը տեղադրած էր գործարանին մէջ: Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի ներկայացուցիչը աւելի ուշ թերթին հաստատած էր, որ պայթուցիկ սարք օգտագործած է:
Օրաթերթը կը նշէ, որ չէ կրցած ստուգել եւ հաստատել հիւլէական գործարանին մէջ արձանագրուած դէպքին Իսրայէլի մեղսակցութիւնը:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց ռուսական շարք մը լրատուամիջոցներու այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, անյայտ օդանաւեր հարուածներ հասցուցին Իրանին, կը հաղորդէ «Երկիր»ը:
Ռուսական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ Իրան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ օդային պաշտպանութեան համակարգերու կուտակումը եւ իրանեան զինուորական կառոյցներու վրայ անհասկնալի յարձակումը կրնան իրար հետ կապ ունենալ:
Պաքու այս տեղեկութիւնները հերքլելէ ետք՝ փորձեց անոնց տարածումը կապել «հայամէտ» ուժերու վրայ: