ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն»․- Ամերիկեան կարգ մը լրատուամիջոցներ կայծակնային արագութեամբ անդրադարձան Սպիտակ տան բանբեր Քէյլի ՄքԷնենիի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարած ակնարկութեան:
«Սպիտակ տունը վերջապէս, հաւանաբար՝ ոչ դիտումնաւոր կերպով, յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը», գրած է «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը՝ շարունակելով. «Վարչակազմը հիմա կրնայ պնդել, թէ բանբերը պարզապէս յուշարձանը կոչած իր անունով, բայց նոյնիսկ այդ արգելուած էր Սպիտակ տան մէջ»:
«Պիզնըս Ինսայտըր» թերթը այս գծով յստակացում խնդրեց արտաքին գործոց նախարարութենէն՝ հարց տալով, որ Սպիտակ տան բանբերին յայտարարութիւնը կը նշանակէ, թէ Թրամփի վարչակազմը կը ճանաչնա՞յ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նախարարութիւնը առաջարկեց դիմել Սպիտակ տան բանբերին, որ տակաւին չէ արձագանգած թերթին հարցումին։ Թերթը այս գծով դիմեց նաեւ Թուրքիոյ դեսպանատան, սակայն տակաւին պատասխան չէ ստացած: