ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ»․- Ռուսիա եւ Չինաստան վեթոյի իրենց իրաւունքը գործածեցին ՄԱԿի Ապահովութեան խորուրդին մէջ, անոր ոչ-մնայուն ադամներէն՝ Գերմանիոյ եւ Պելճիքայի կողմէ ներկայացուած մէկ բանաձեւին դէմ:
Բանաձեւը կը պահանջէր մէկ տարի եւս Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութիւնները սուրիական սահմաններէն անցընել առանց Դամասկոսի կառավարութեան արտօնութեան, ինչ որ կը խախտէ Սուրիոյ ապահովութիւնը եւ գերիշխանութիւնը, նշեցին Ռուսիա եւ Չինաստան։
ՄԱԿի դէպի Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւնները կը կատարուին Թուրքիոյ վրայով։
Ռուսիա ներկայացուց նոր բանաձեւ մը, որ կը նախատեսէ վեց ամսուան ժամկէտով ՄԱԿի օժանդակութիւնները դէպի Սուրիա առաքումը կատարել Թուրքիոյ միայն մէկ անցակէտի միջոցաւ։
Այս օժանդակութեան մեծ մասը կը տրամադրուի Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքի Իտլիպ նահանգի բնակիչներուն։
Նշենք, որ ՄԱԿի Մարդասիրական գործերու համակարգման գրասենեակը տարեսկիզբէն ի վեր Թուրքիոյ վրայով, երկու անցակէտերու միջոցաւ 8468 օժանդակութեան շարասիւններ ուղարկած է Սուրիա։