ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրի մեկնաբանեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին գծով Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանին հակասական յայտարարութիւնները:
Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Զոհուրի նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը չէ փոխուած:
Պատասխանելով հաղորդավարին՝ Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպանին կատարած Իրանի պաշտօնական դիրքորոշումէն տարբեր յայտարարութիւններուն մասին հարցումին՝ դեսպանը ըսաւ. «Ղարաբաղի տագնապին մէջ Իրանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը միշտ յայտնած ենք, մեր դիրքորոշման մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կայ: Եթէ կան մարդիկ, որոնք այլ կարծիքներ կը յայտնեն, անոնք պաշտօնական տեսակէտներ չեն, եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշումը, զոր որդեգրած է Իրան՝ անփոփոխ է: Իսկ որեւէ փոփոխութիւն Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարին միջոցով կը կատարուի, նամ մը, որ չէ եղած», շեշտեց Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրի։