ԵՐԵՒԱՆ.- «Բարգաւաճ Հայաստան», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւններու ստեղծած աշխատանքային խումբը մշակած է արտակարգ դրութեան ընթացքին հաւաքներու սահմանափակումները վերցնելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծ մը, որ 13 Յուլիսին Ազգային ժողովի նիստին «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ։
Նախագիծին մէջ կը նշուի, թէ՝ նկատի ունենալով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ամիսով մը կ՛երկարաձգէ արտակարգ դրութիւնը, աշխատանքային խումբը նշեալ նախագիծով քաղաքական իշխանութեան կ՛առաջարկէ հրաժարիլ հանրային քննադատները լռեցնելու արատաւոր փորձէն, դադրեցնել մարդոց հաւաքներ կազմակերպելու սահմանադրական իրաւունքներու իրացման անհիմն եւ ամբողջական սահմանափակումը, փոխարէնը սահմանել հաւաքներ կատարելու կանոններ, որպէսզի կարելի դառնայ, առանց մարդոց սահմանադրական իրաւունքը խախտելու՝ կանխել վարակի հնարաւոր տարածումը: «Առաջարկւում է սահմանել հաւաքներ անցկացնելու կանոններ, ըստ որոնց` անձինք հաւաքներ անցկացնելիս պարտաւոր կը լինեն միմեանցից պահպանել 1.5 մեթր հեռաւորութիւն եւ կրել դիմակներ», կ՛ըսուի նախագիծին մէջ:
Երեք կուսակցութիւնները նաեւ դիտել տուին, որ վերոյիշեալ առաջարկներուն մերժման պարագային, կը քննարկուի արտակարգ դրութեան անհիմն սահմանափակումները վարչական դատարանի միջոցով վերցնելու հարցը, որուն շուրջ աշխատանքային խումբը կը պատրաստուի քննարկումներու սկսիլ տնտեսվարողներու, շահագրգիռ այլ ուժերու եւ անձերու հետ։
Նշենք, որ Ազգային ժողովը 21 թեր եւ 60 դէմ քուէներով մերժեց «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան վերոյիշեալ նախագիծը։