ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի անդամ երկիրներուն՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ընթացող գործողութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերելու պատասխանատու մօտեցում ու խուսափելու լարուածութեան յաւելեալ աճ յառաջացնող յայտարարութիւններէ։
Այս մասին կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին վերաբերեալ հաղորդագրութեան մէջ, զոր հրապարակած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը։
«Ռուսիա պիտի շարունակէ իր միջնորդական առաքելութիւնը Պաքուի եւ Երեւանի հետ հանդիպումներուն մէջ թէ՛ ազգային մակարդակի վրայ, թէ՛ ալ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ։ Ռուսական կողմէն կարեւոր կը նկատուի նաեւ այն, որ Մինսկի խմբակի բոլոր անդամները պատասխանատու մօտեցում ցուցաբերեն ստեղծուած իրավիճակի գնահատականներուն մէջ եւ խուսափին յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ, որոնք կրնան լարուածութեան յաւելեալ աճ յառաջացնել», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։
Աւելի կանուխ հաղորդուած էր նաեւ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անթոյլատրելի կը նկատէ տարածաշրջանային անվտանգութեան սպառնացող այս լարուածութիւնը՝ արձագանգելով Տաւուշի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւններուն։ Ան կոչ ուղղած էր կողմերուն՝ զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ պահպանելու զինադադարի դրութիւնը։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու իրավիճակի կայունացման ճիգին մէջ։