ԵՐԵՒԱՆ.- Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինուորներ 12 Յուլիսին` կէսօրէն ետք ժամը 12:30ի շուրջ (Երեւանի ժամանակացոյցով), ՈՒԱԶ մակնիշի ինքնաշարժով Տաւուշի ուղղութեամբ Հայաստանի պետական սահմանը խախտելու փորձ կատարեցին:
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան: Ըստ անոր՝ հայկական կողմի նախազգուշացումէն ետք Ատրպէյճանի զինուորները, ձգելով ՈՒԱԶ մակնիշի ինքնաշարժը՝ վերադարձած են իրենց դիրքը: Ժամը 1:45ին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինուորները կրկնած են հայկական զինուած ուժերու սահմանային դիրքը գրաւելու փորձը` կիրարկելով հրետանային կրակ, սակայն ճնշուած են հայկական կողմէն եւ, կորուստներ կրելով` ետ շպրտուած։ Ան հաստատեց, որ հայկական կողմէն կորուստներ չկան:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս անդրադարձաւ դէպքին եւ յայտնեց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին 12 Յուլիսին տեղի ունեցած դէպքին պատճառով Թովուզի կողմերը սպաննուած են ատրպէյճանցի 2 զինուորներ, իսկ 5 ուրիշներ վիրաւորուած են:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ, որ «Հայկական կողմը եւս կորուստներ ունի», սակայն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբերը հերքեց այդ պնդումները:
Աւելի ուշ, Կիրակի, 12 Յուլիսի երեկոյեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբերը տեղեկացուց, թէ Ատրպէյճան վերսկսած է ռմբակոծել Տաւուշի հայկական զինուորական նոյն դիրքերը: Ան ըսաւ, որ իրավիճակի լարման հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:
Զուգահեռաբար, այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան՝ վստահեցնելով, որ պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ վստահօրէն կատարել իր առջեւ դրուած խնդիրը:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ նախկին բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ բացի մարդկային կորուստներէ, ատրպէյճանական կողմը տուած է նաեւ զինուորական մեքենաներու կորուստներ: Մասնաւորապէս, հայկական կողմը խոցած է ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարք մը:
12 Յուլիսին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Տաւուշի հատուածին մէջ սկսած լարուած վիճակը շարունակուեցաւ 13 Յուլիսին. Թշնամին դարձեալ խախտեց զինադադարի դրութիւնը՝ կիրարկելով հրաձգային զինատեսակներ, ականանետեր, զրահապատներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր: Հայկական կողմը տեղեկացուց, որ խոցած է ատրպէյճանական ԱԹՍն: Նախնական տուեալներու համաձայն՝ սարքը Thunder-B տեսակի անօդաչու թռչող սարք է:
Ազգային ժողովի պաշտպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան խորհրդարանին մէջ իր ելոյթին ընթացքին յայտնեց, որ հայկական Զինուած ուժերը խոցած են քանի մը անօդաչու թռչող սարքեր, որոնց կարգին՝ Քամիքազ մը։
Հայ-ատրպէյճանական սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանի զինուած ուժերու երեք զինուորներ եւ երկու ոստիկաններ վիրաւորուած են: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան՝ նշելով, որ թեթեւ բեկորային վնասուածքներ են անոնք, եւ անոնց կեանքը վտանգի մէջ չէ։
«Լրագիր»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան յայտնեց, որ Տաւուշի մարզին մէջ կը քննարկուին քաղաքացիական պաշտպանութեան հարցերը: Ան նշեց, որ ինք այցելած է Մովսէս գիւղը, զրուցած մարդոց հետ, համայնքապետներու եւ գիւղապետներու հետ պիտի քննարկեն քաղաքացիական պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր, որպէսզի կացութեան սրման պարագային պատրաստ ըլլան իրենց պարտականութիւնները կատարելու եւ հասնելու բնակիչներուն։
Ըստ մարզպետին` բանակը կը վերահսկէ սահմանային իրավիճակին: «Պարբերաբար դիրքային փոխհրաձգութիւններ կան, յոյսով եմ, որ իրավիճակը աւելի չխորանայ», ըսաւ ան: Ան նշեց, որ մարզին մէջ խուճապ չկայ, բայց մարդիկ սթափ վիճակի մէջ են, ինչպէս միշտ: