ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր»․- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արամ Ա․ կաթողիկոս հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան:
«Այս առաւօտ, վեհափառ հայրապետը կապ հաստատեց Հայաստանի վարչապետ մեծայարգ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ իր օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց քաջարի բանակին», կը նշուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսրանաի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ։