ՀՌՈՄ․- Իտալական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ «Ա. Էս. Ռոմա»ի միջնապահ՝ Հենրիկ Մխիթարեան ընտրուած է Իտալիոյ Ա․ դասակառգի ֆութպոլի մրցաշարքի 31րդ հանգրուանի լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Այդ հանգրուանին, անոր կազմը 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Փարմայի դէմ: Մխիթարեան կերտեց իր կազմին յաղթանակը՝ նշանակելով կօլ մը եւ կատարելով նշանակուած երկրորդ կօլին փոխանցումը:
32րդ հանգրուանին, ան իր մասնակցութիւնը չբերաւ «Պրեշիա»ի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին (3-0), որովետեւ 5 դեղին քարտեր ստացած ըլլալով՝ մէկ մրցումով կախակայուած էր։