ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածեց յայտարարութիւն մը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային բախումներուն վերաբերեալ՝ կողմերուն կոչ ընելով՝ դադրեցնելու ուժի կիրառումը:
«Միացեալ Նահանգները խստօրէն կը դատապարտէ բռնութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ընենք՝ անյապաղ դադրեցնելու ուժի կիրառումը, օգտագործելու անոնց միջեւ ուղիղ հաղորդակցութեան խողովակները` յետագայ սրումէն խուսափելու համար եւ խստօրէն պահպանելու հրադադարը: Իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահող` Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ յանձնառու մնալ կողմերուն աջակցութեան` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական, խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար: Մենք աշխուժօրէն ներգրաւուած պիտի ըլլանք այդ նպատակին հասնելու ջանքերուն մէջ: Միացեալ Նահանգները կը միանայ Մինսկի խումբի համանախագահներուն` կոչ ընելով կողմերուն՝ կարելի եղածին չափ արագ վերսկսելու բովանդակային բանակցութիւններ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: