ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ յառաջացած լարուածութեան նկատմամբ։ Այս մասին կ՛ըսուի ՀԱՊԿի քարտուղարութեան մեկնաբանութեան մէջ, զոր «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատուական գործակալութեան տրամադրած է կառոյցի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Զայնեթտինով։
«ՀԱՊԿի քարտուղարութիւնը մեծապէս մտահոգ է այս տարուան 12 Յուլիսին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու բախումին իբրեւ արդիւնք հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ յառաջացած իրավիճակի լարուածութեան նկատմամբ, որուն ընթացքին օգտագործուած է նաեւ ծանր սպառազինութիւն, եւ որուն պատճառով կան սպաննուածներ եւ վիրաւորներ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
«Իրավիճակը չի նպաստեր կացութեան լուծման երկու դրացի երկիրներու սահմաններուն, որոնցմէ մէկը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ՀԱՊԿի անդամ պետութիւն է եւ կը վկայէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան մակարդակով ձեռք բերուած զինադուլի դրութեան խախտումներու մասին», կ՛ընդգծէ ՀԱՊԿն:
Ռազմաքաղաքական դաշինքին կողմէ կողմերուն կոչ կ՛ուղղուի՝ «անյապաղ դադրեցնելու կրակոցը ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ»։
«Ցաւակցութիւններ կը յայտնենք մահացածներու հարազատներուն եւ մտերիմներուն, վիրաւորներուն ալ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք», կը յայտնէ կազմակերպութիւնը, որ դիտել կու տայ, թէ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդը, ՀԱՊԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը առաջին անգամ չէ, որ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն՝ հակամարտութեան վերաբերող հարցերը լուծելու բացառապէս խաղաղ ճամբով եւ խուսափիլու սադրիչ գործողութիւններէ՝ լարուածութեան սրացում չարտօնելու նպատակով։