ԿԼԵՆՏԷՅԼ, Փասատինա․- «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ներկայի անզսպելի վիճակը նկատի ունենալով, Կլենտէյլի եւ Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանները եւս յայտարարեցին, որ հանրային վարժարաններու աշակերները 2020-2021 կրթական տարեշրջանի սկիզբը պիտի չվերադառնան իրենց դպրոցները եւ համացանցի միջոցաւ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը, մինչեւ կացութեան բարելաւումը։
Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանը եւ Քալիֆորնիոյ շարք մը այլ կրթաշրջաններ եւս նման որոշումներ տուած են, աշակերներուն եւ ուսուցիչներուն առողջութեան սիրոյն։