ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ կոչ ուղղեց Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ սահմանին վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ կասեցնելու հրաձգութիւնը։
«Միացեալ Նահանգները մեծապէս մտահոգ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջազգային սահմանին մահաբեր բռնութեամբ։ Մենք կը ցաւակցինք զոհերուն հարազատներուն, եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ լարուածութիւնը մեղմացնելու, վերսկսելու բովանդակային երկխօսութեան եւ պահպանելու զինադադարը, որպէսզի սկսին բանակցութիւնները՝ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ», յայտնեց Փոմփէօ։