ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը ներկայացուց Տաւուշի մարզի Բերդ, Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Չինարի եւ Նորաշէն քաղաքացիական բնակավայրերուն մէջ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի փաստահաւաք աշխատանքները եւ անոնց լուսանկարները:
Մարդու իրաւունքերու պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինէն կը յայտնեն, որ բացառապէս իրաւապաշտպան սկզբունքներով առաջնային աղբիւրէ ձեռք բերուած հաւաստի տուեալները, փաստահաւաք աշխատանքներու ու անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները պիտի ուղարկուին թէ՛ միջազգային կառոյցներուն եւ թէ Հայաստանի համապատասխան պետական ու հասարակական իրաւապաշտպան կառոյցներուն: