ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- 20 Յուլիսի դրութեամբ՝ Արցախի մէջ հաստատուեցան «Քորոնա» ժահրի վարակման 3 նոր պարագաներ՝ ընդհանուր թիւը հասցնելով 171ի, որոնց 144ը ապաքինած է արդէն: Այս տեղեկութիւնը փոխանցեց Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը:
Արցախի մէջ, ընդհանուր առմամբ, կատարուած են 3796 քննութիւններ: Ստեփանակերտի մէջ հաստատուեցան «Քորոնա» հիւանդութեան 3 նոր պարագաներ, այլ պարագայ մը կայ Մարտակերտ քաղաքին մէջ, ուր վարակուած անձին շփման շրջանակը պարզելու, ինչպէս նաեւ շրջակայքի վարակազերծման անհրաժեշտ աշխատանքները կը կատարուին:
Նոյն ժամանակ, «Քորոնա» ժահրով ախտորուած 10 քաղաքացիներ յաղթահարած են հիւանդութիւնը եւ մեկուսացման վայրերէն դուրս եկած են: Կան 56 մեկուսացուած անձեր, փաստացի բուժում կը ստանան 27 հիւանդներ: