ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովը դիմեց Ռուսիոյ եւ ԵԱՏՄի գործընկերներուն` քայլերու ձեռնարկելու Ռուսիոյ մէջ վերջին օրերուն հայկական պտուղնեըու վաճառքը արգիլելու հակամրցակցային գործողութեան հարցով:
Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովէն յայտնեցին, որ յանձնաժողովի նախագահ Գեղամ Գէորգեան պաշտօնական նամակով դիմած է Ռուսիոյ հակամենաշնորհային ծառայութեան ղեկավար Իկոր Արթեմեւին եւ ԵՏՀի մրցակցութեան եւ հակամենաշնորհային կարգաւորման հարցերու անձնակազմի անդամ (նախարար) Սերիք Ժումանկարինին՝ վերջին օրերուն Ռուսիոյ «Ֆուտ Սիթի» սննդամթերքի մեծաքանակ եւ փոքրաքանակ վաճառքի տարածքի ղեկավարութեան կողմէն 17-18 Յուլիսին Հայաստանէն արտածուած միրգերու վաճառքը արգիլելու հարցին գծով:
Նամակներուն մէջ ան հաստատած է, որ մասնաւորապէս կ՛ընդգծուի, թէ վերոնշեալ գործողութիւնները չունին տնտեսական հիմնաւորում. անոնք կը խոչընդոտեն ԵԱՏՄի անդամ-երկիրներուն միջեւ ապրանքներու ազատ վաճառքը եւ խտրական վերաբերմունքի դրսեւորում են:
Այսպիսով, կը ստեղծուի անհաւասար պայմաններ անդրսահմանային շուկային մէջ` խախտելով մրցակցութեան ընդհանուր կանոնները, որոնք ամրագրուած են ԵԱՏՄի պայմանագիրին մէջ։
Գեղամ Գէորգեան յայտնեց, թէ յոյս ուին, որ Ռուսիոյ եւ ԵԱՏՄի գործընկերները քննարկման առարկայ կը դարձնեն նշուած հակամրցակցային քայլերը, եւ կը ձեռնարկուին համապատասխան միջոցառումներու` վերականգնելու շուկային մէջ մրցակցութեան հաւասար պայմանները` հետագային բացառելով այսպիսի հակամրցակցային գործողութիւններ: