ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ վերջին յարձակումին լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 20 Յուլիսին ընդունեց Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութեան մատակարարումը Քոնկրեսին հսկողութեան տակ դնող յաւելուածը, նեցուկ կանգնելու համար շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի յաւելուածը կը վերաբերի 2021ի Ազգային պաշտպանութեան լիազօրութիւններու բանաձեւին (թիւ 6395)։
Փալոնի յաւելուածին համահովանաւորներն էին՝ քոնկրեսականներ Պրետ Շըրմըն, Ճեքի Սփիր եւ Էտըմ Շիֆ։
Նշենք, որ Շըրմընի եւ Սփիրի ներկայացուած յաւելուածներուն քննարկումը մերժուեցաւ։
Փալոնի առաջարկած փոփոխութիւնը կը նախատեսէ, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, համագործակցելով արտաքին գործոց նախարարութեան հետ՝ զեկոյց ներկայացնէ Քոնկրէսին ամերիկեան ռազմական օգնութիւն ստացած այն օտար պետութիւններու ռազմական զօրամիաւորումներու մասին, որոնց նկատմամբ կայ կասկած, թէ կը խախտեն միջազգային իրաւունքը կամ մարդկային իրաւունքները՝ ռազմական օգնութիւն ստանալէն առաջ կամ ընթացքին:
Փալոն կարեւոր համարեց օրէնսդրական փոփոխութեան ընդունումը, յատկապէս երբ Ատրպէյճան կը սպառնայ Հայաստանին: «Պէտք է վստահ ըլլանք, որ ամերիկեան արտաքին օգնութիւնը չի հակասեր մեր արժէքներուն», շեշտեց ան։
Ըստ անոր՝ այս փոփոխութիւնը հիմք կը հանդիսանայ Ատրպէյճանին ռազմական օգնութենէ զրկելու, որովհետեւ, ըստ անոր, Պաքուն ունի մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ լուրջ հարցեր եւ կը վարէ ռազմատենչ քաղաքականութիւն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց յաւելուածին վաւերացումը: