ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը 21 Յուլիսի յետմիջօրէին վաւերացուց «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն տնտեսապէս տուժած քաղաքացիներուն եւ գործարարներուն զօրակցելու եւ համաճարակին դէմ պայքարը սաստկացնելու նպատակով 1.22 միլիառ տոլարի ծրար մը։
Գումարէն 656 միլիոնը նախատեսուած է քննութիւններու թիւը բազմացնելու, անոնց արդիւնքները աւելի արագ գիտնալու եւ վարակուած անձերուն ունեցած շփումները հետապնդելու ջանքերուն։
200 միլիոնը իբրեւ նպաստ պիտի տրամադրուի քաղաքացինրուն՝ բնակարաններու վարձքերու աջակցութեան, ուտեստեղէնի եւ երեխաներու խնամքի ճամբով։
160 միլիոնը իբրեւ նիւթական աջակցութիւն պիտի տրամադրուի փոքրածաւալ գործառնութիւններուն, իսկ 160 միլիոնը՝ համաճարակին դէմ պայքարին մասնակցող գաւառի պաշտօնեաներուն կարիքներուն։
Մանրամասնութիւններու համար այցելել՝ https://covid19.lacounty.gov/wp-content/uploads/FACT-SHEET-L.A.-County-CARES-Act-Coronavirus-Relief-Fund-Spending-Plan_02-002.pdf կայքէջը։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ այժմ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն 57 տոկոսը 41 տարիքը չբոլորած անձերն են։
21 Յուլիսի յետմիջօրէին նաեւ հաղորդուեցաւ, որ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին գաւառին մէջ վարակուած 50 քաղաքացիներ մահած են եւ արձանագրուած են 2741 նոր վարակումներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 161,673 վարակումներ եւ 4154 մահեր: Հիւանդանոցներու մէջ կը դարմանուին 2218 վարակուած անձեր։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 410,000 վարակումներ եւ 7891 մահեր:
4․05 միլիոն վարակուախներով եւ 145,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Պրազիլը, Հնդկաստանը եւ Ռուսիան, ուր կան յաջորդաբար 2.17 միլիոն, 1․22 միլիոն եւ 789,190 վարակուածներ:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը հասաւ 15,18 միլիոնի, որուն 9.2 միլիոնը ապաքինած է: Մահացած են մօտաւորապէս 621,000 վարակուածներ: