ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Իսրայէլեան Jerusalem Post թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը Ալեքս Կալիցքի կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ զարգացած յարաբերութիւնները հիմնուած են կեղծ պատկերացման վրայ, թէ Ատրպէյճան «հանդուրժողականութեան երկիր» է, սակայն իրականութեան մէջ երկիրը քարիւղի տոլարներու վրայ հիմնուած եւ նոյն ընտանիքին կողմէ կառավարուող բռնապետութիւն մըն է:
Հոն կ՛ըսուի, որ Թուրքիոյ մերձաւոր դաշնակիցը հանդիսացող Պաքուն կը ջանայ ջնջել տարածաշրջանի բնիկ հայերը եւ անոնց հազարամեայ քաղաքակրթութեան հետքերը՝ յիշեցնելով 80-90ական թուականներու հայերու ջարդերը, որոնց պատճառով մեծ թիւով հրեաներ եւս հեռացան Պաքուէն։
Մանրամասնութիւններ կը տրուին նաեւ 2000ական թուականներու սկիզբը, Նախիջեւանի մէջ շուրջ 28,000 հայկական մշակութային յուշարձաններու ոչնչացման եւ մշակութային ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Հունգարիոյ մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի դաժան սպանութեան մասին եւ Պաքուի կողմէ մարդասպանին հերոսացման մասին:
«Անցեալ շաբաթ, Ատրպէյճանի մէջ տասնեակ հազարաւորներ «մահ հայերուն» պոռացին, Հայաստանի դէմ պատերազմի կոչ ընելով: Պետութեան կողմէ հովանաւորուող ազգայնամոլութիւնը պէտք է դառնայ մտահոգութեան անմիջական պատճառ որեւէ ազգի համար», կը գրէ Կալիցքի՝ պնդելով, որ Պաքու Իսրայէլի ռազմավարական շահերուն դէմ կը գործէ:
«Ատրպէյճան կը մերժէ դեսպանատուն բանալ Իսրայէլի մէջ՝ տարածաշրջանային ճնշումներու պատճառով: Միւս կողմէ, Հայաստան հետեւողականօրէն զգալի քայլերու կը ձեռնարկէ Իսրայէլի հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու ուղղութեամբ, ներառեալ՝ Թել Աւիւի մէջ դեսպանութիւն բանալու յանձնառութիւնը», կը գրէ Կալիցքի՝ եզրակացնելով, որ այս բոլորը նկատի ունենալով, Իսրայէլ պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները: