ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 21 Յուլիսին, Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, ընկերակցութեամբ Թիֆլիսի «Ալիք Մեդիա» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արսէն Խառատեանի։
Հանդիպման ընթացքին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ յատկապէս անցնող շաբթուան ընթացքին ատրպէյճանցիներու կողմէ կատարուած յարձակումը Տաւուշի մարզի սահմանագիծին վրայ։