ՊՐԻՒՔՍԷԼ․- Եւրոպական խորհրդարանի 29 պատգամաւորներ՝ 7 գլխաւոր քաղաքական խմբակցութիւններէ, հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան վերաբերեալ նամակ յղեցին Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ճոզէֆ Պորելին:
Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է օգտագործէ իր լծակները՝ տարածաշրջանին մէջ վստահութեան ամրապնդման իրական եւ արդիւնաւէտ միջոցներ ի գործ դնելու համար եւ կոչ կ՛ըլլայ Պաքուին՝ կիրառելու ԵԱՀԿի առաջադրած զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան համակարգը: Պատգամաւորները կը յիշեցնեն, որ Հայաստան արդէն համաձայնած է:
Պատգամաւորները իրենց խոր մտահոգութիւնը կը յայտնեն ատելութեան խօսքի, ռազմապաշտ հռետորաբանութեան վերաբերեալ կը շեշտեն, որ Արցախի հակամարտութիւնը չի կրնար ռազմական լուծում ունենալ:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախմբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունեց նամակին յղումը եւ յոյս յայտնեց, որ «պատերազմով սպառնալու, երկուստէք մարդկային զոհերու եւ տառապանքի պատճառ դառնալու փոխարէն՝ Պաքու պէտք է հետեւի պատգամաւորներուն պահանջին եւ վերջապէս կիրառէ վստահութեան ամրապնդման միջոցներ: