ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ սկսած է դիմումնագիրներ ընդունիլ կրթանպաստներու իր երեք ծրագիրներուն համար։
Անոնցմէ առաջինն է՝ մագիստրոսի եւ դոկտորական տիտղոսներու ուսանողներու յատուկ ուսումնասիրութիւններու համար կրթանպաստն է, որ 1000ական տոլարի նպաստ կը տրամադրէ։ Դիմումները պէտք է ներկայացուին մինչեւ 15 Սեպտեմբեր, https://societyforarmenianstudies.com/resources/ կայքէջին միջոցաւ։
Երկրորդ կրթանպաստը յայտնի բիւզանդագէտ եւ հայագէտ Նինա Կարսոյեանի անուան ուսումնասիրութեան մրցանքն է, որ տարեկան 1000 տոլարի նպաստ կը տրամադրէ մագիստրոսի կամ դոկտորական տիտղոսներու թեկնածու ուսանողի մը։ Դիմումները պէտք է նոյնպէս ներկայացուին մինչեւ 15 Սեպտեմբեր։ Այս կրթանպաստը կը հովանաւորէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանի Հայագիտութեան եւ վրացագիտութեան կեդրոնի նախկին ղեկավար դոկտ. Լեւոն Աւտոյեան, որ Կարսոյեանի առաջնորդութեամբ մասնագիտացած է հայոց պատմութեան մէջ։
Երրորդ կրթանպաստը դարձեալ մագիստրոսի եւ դոկտորական տիտղոսներու ուսանողներու յատուկ է եւ կը վերաբերի հայութեան վրայ Միացեալ Նահանգներու ցեղային քաղաքականութեան ունեցած ազդեցութիւններուն մասին ուսումնասիրութիւններու եւ 500ական տոլարի նպաստ պիտի տրամադրէ երկու ուսանողներու։ Դիմումները պէտք է ներկայացուին մինչեւ 30 Սեպտեմբեր՝ այցելելով https://societyforarmenianstudies.com/2020/07/28/society-for-armenian-studies-grant-on-race/ կայքէջը։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել bdermatossian2@unl.edu հասցէին կամ այցելել http://societyforarmenianstudies.com/ կայքը։