Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը հաղորդէ, որ Փիոմպինոյի քաղաքային խորհուրդը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, որ Փիոմպինոյի համայնքային խորհուրդը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով հայ ժողովուրդի պատմական արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար անոր պայքարին մէջ: