ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Արցախի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեանի համաձայն` Ատրպէյճան անընդհատ, մնայուն կերպով՝ շարժման առաջին օրէն մինչ հիմա կը փորձէ արցախահայութեան ազատագրական պայքարը արեան մէջ խեղդել:
«Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան նման դիտարկում կատարեց` անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն, որ ինք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին դիմաց խնդիր դրած է, որ հայկական զինուած ուժերը հեռացնէ Լեռնային Ղարաբաղէն, իսկ այնքան ատեն որ չէ հեռացուցած, խաղաղութիւն պիտի չըլլայ:
«Ալիեւը մեծ ցանկութիւն ունի, որ Արցախը մենակ մնայ, չստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի օժանդակութիւնն ու հաշուեյարդար տեսնի այստեղ ապրող խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ», յայտնեց ան։
Բալայեան պատահական չհամարեց, որ անկախութեան տարիներուն Հայաստանի բոլոր ղեկավարները մնայուն կերպով յայտարարած են, որ Հայաստանը Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորն է:
«Քաջ գիտակցում են բոլորն էլ, որ միասնական ջանքերով է հնարաւոր պահպանել հայրենի սահմանները, Արցախի անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը», յայտնեց ան։
Ի պատասխան Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ՝ «քանի դեռ ուշ չէ, հայկական զինուած ուժերը պէտք է դուրս գան «իրենց տարածքներէն», Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարած էր, որ կ՛ուզեր հասկնալ, թէ երբ է այդ «ուշը», ինչ որ Վահրամ Բալայեան համարժէք եւ տեղին արձագանգ համարեց:
«Ալիեւի այդ յոխորտանքին ի պատասխան նախարարը նշել էր, որ հայ ժողովուրդը միշտ էլ պատրաստ է պատերազմի: Ի հարկէ, մեր երկու հանրապետութիւնները միշտ էլ ձգտում են խաղաղութեան, բայց եւ այնպէս էլ չէ, որ շատ սարսափած ենք պատերազից, որովհետեւ քաջ գիտակցում ենք, որ լայնամասշտաբ պատերազմի դէպքում յաղթանակը մեր կողմն է լինելու, որովհետեւ մեր պայքարն արդար է, մենք պայքարում ենք մեր հողի, մեր ընտանիքի համար: Տարիներ շարունակ եւ հետագայում էլ մեզ չի վախեցնի ագրեսորի յոխորտանքները», նշեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հայ-ատրպէյճանական վերջին լարուածութենէն ետք ի՛նչ տրամադրութիւններ կան Արցախի մէջ, արդեօք կա՞յ վախի մթնոլորտ, որ յաջորդ անգամ գործողութիւնները կ՛ըլլան Արցախի ուղղութեամբ՝ պատգամաւորը նշեց. «Այստեղ ապրող ամէն մի հայ մարդ գիտակցում է, որ սահմանապահ է, եւ որ ամէն պահի պատերազմ կարող է լինել: Այդ տեսակէտից` ժողովուրդը մի տեսակ հանդարտ է նայում ամէն ինչին, զբաղուած է իր գործով, բայց պատերազմի պարագայում էլ կը լինի սահմանում»։