Արցախ այցելելուն համար Պաքուի կողմէ բանտարկուած լրագրող Ալեքսանտր Լափշին կը տեղեկացնէ, որ Իսրայէլի ատրպէյճանական համայնքը 9 Օգոստոսին հայկական եկեղեցւոյ մը դէմ ծրագրուած սադրանքի հրաւէրներ կը տարածէ: «Կ՛երեւի, թէ Պաքուէն հրահանգ ստացուած է խռովութիւններ հրահրելու եւ յարձակումներ գործելու հայկական եկեղեցիներու եւ խանութների վրայ։ Իսրայէլի հայ համայնքը պէտք է դիմէ իսրայէլեան ոստիկանութեան՝ խնդրելով արգիլիել հայկական եկեղեցւոյ դիմած կազմակերպուող ցոյցը: Իսրայէլի կրօնական գործիչները պէտք է դատապարտեն ցոյցին վայրի ընտրութիւնը։ Կրնան տեղի ունենալ նաեւ յարձակումներ», գրած է Լափշին։