ԵՐԵՒԱՆ, «ԱՐՄէՆՓՐէՍ».- Այսօր՝ 5 Օգոստոսին, Պարէտատան նիստէն ետք տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին, Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնեց, թէ համոզուած է, որ ժողովուրդին եւ կառավարութեան գործադրած ճիգերը սկսած են արդիւնք տալ եւ Հայաստանի մէջ կայունացնել «Քորոնա« ժահրի համաճարակին իրավիճակը:
«Մենք իրական շանս (առիթ-Խմբ.) ունենք, եթե ոչ զրոյացնելու, ապա այնքան նուազեցնելու դէպքերի թիւը, որ կորոնավիրուսն այլեւս հանրային առողջապահական խնդիր չլինի», ըսաւ Թորոսեան: Ան աւելցուց, որ ներկայիս ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին 300, իսկ ծայրայեղ ծանր՝ 68 քաղաքացիներ: Ըստ անոր՝ թոքերու օդափոխութեան սարքերու միացած կը մնան 24 հիւանդներ: Թորոսեան յիշեցուց, որ համաճարակին ամէնէն վատ օրերուն ծայրայեղ ծանր եւ ծանր հիւանդներուն թիւը հասած էր 650ի, իսկ թոքերու օդափոխութեան սարքերու միացած հիաւանդներուն թիւը՝ 50ի: «Սա կարեւոր է նրաով, որ արձանագրւում է մահացութեան նուազող ցուցանիշ, որը մեր միջոցառումների հիմնական նպատակն է: Մենք միշտ շեշտում էինք, որ արձանագրուած ցանկացած 100 դէպքի պարագայում, անկախ նրանից, թէ որքան լաւ կը բուժենք, ինչքան շուտ կը յայտնաբերենք, նշանակելու էր երկու մահ: Բնականաբար ցածր թուերը նշանակելու էին փոքր թուով մահեր: Յոյս ունենք որ այդ թիւը մէկ օր հասնելու է զրոյի», ընդգծեծ Թորոսեան:
Կը տեղեկանանքմ նաեւ, որ «Քորոնա» ճահրով վարակուած հիւանդներ բուժող հիւանդանոցներուն թիւը 20էն հասած է 15ի: Իսկ եւս երկու հիւանդանոցներ մօտ օրէն կը վերադառնան իրենց բնականոն աշխատանքային առօրեային:
Այսօրուան տուեալներով՝ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու նընդհանուր թիւը հասած է 39586ի, որոնց 30850ը բուժուած է: Ներկայիս այս հիւանդութեամբ բուժուողներուն թիւը 7738 է: Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին կատարուած են 1848 ժահրի քննութիւններ, որոնցմէ արձանագրոած են 288 նոր պարագաներ, նոյն ժամանակամիջոցին առողջացած են 478 հիւանդներ: Դարձեալ այսօրուան տուեալներով՝ ժահրէն մահացած հիւանդներու թիւը 770 է: