ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Աշխարհասփիւռ հայութիւնը արդարացիօրէն կեդրոնացած է անցեալ ամսուան եռօրեայ յարձակման ընթացքին Ատրպէյճանի նկատմամբ Հայոց բանակի յաջողութիւններուն վրայ, սակայն քաղաքական յաղթանակը նոյնքան կարեւոր է:
Երբ կը յաղթես պատերազմը, բայց կը կորսնցնես խաղաղութիւնը, ուրեմն շատ բանի չես հասած: Լաւագոյն լուծումը պատերազմը յաղթելն է, այնուհետեւ երկարաժամկէտ օգուտ քաղելը այդ ռազմական յաջողութենէն:
Բարեբախտաբար, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ լաւագոյն հնարաւորութիւնը տուած է հայերուն՝ օգուտ քաղելու երկու երկիրներուն միջեւ սահմանին վրայ վերջերս տեղի ունեցած ընդհարումէն:
Վերջերս Ալիեւ պաշտօնանկ ըրաւ երկար տարիներու իր արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը՝ Հայաստանի հետ ,անիմաստե բանակցութիւններ վարելուն համար: Ասիկա ամէնէն լաւ բանն է, զոր Ալիեւ կրնար ըսել հայկական տեսանկիւնէն։ Եթէ Ալիեւ դժգոհ է բանակցութիւններէն, հայերը կ՛ողջունեն անոր յայտարարութիւնը:
Պէտք է յիշել, որ Մինսքի խումբի միջնորդներու ղեկավարութեան տակ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւնները բացառապէս յօգուտ Ատրպէյճանի են, որ կ՛ակնկալէ Հայաստանէն զիջումներ կորզել Արցախի հակամարտութեան գծով: Հայերը պէտք չէ որեւէ բան շահելու ակնկալիք ունենան այդ բանակցութիւններէն։ Անոնք արդէն հասած են իրենց ուզածին՝ Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան մէջ՝ յաջողութեամբ ազատագրելով Արցախի գրաւեալ տարածքները: Անիրատեսական է ակնկալել, որ օր մը Ատրպէյճան կը ճանչնայ Արցախը իբրեւ անկախ տարածք կամ Հայաստանի Հանրապետութեան մաս։ Հետեւաբար, այս բանակցութիւնները անօգուտ են հայկական կողմին համար: Անոնք տեղի կ՛ունենան միայն միջազգային հանրութեան շրջանակին մէջ տպաւորութիւն ստեղծելու համար, որ հայերը դէմ չեն բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Այս բանակցութիւնները կ՛ընթանան քարոզչական նպատակներով, այլ ոչ թէ յստակ արդիւնքի հասնելու համար:
Այսուամենայնիւ, Հայաստան կը շարունակէ վարել այդ բանակցութիւնները, մինչդեռ Ատրպէյճան յամառօրէն կ՛օգտագործէ դիպուկահարներ կամ պարբերական գրոհներ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ՝ հայ զինուորները եւ խաղաղ բնակչութիւնը սպաննելու կամ վիրաւորելու, կամ ալ հայերու կալուածներուն վնաս հասցնելու նպատակով։
Ես նախապէս փորձած եմ Հայաստանի ղեկավարներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել այս հարցին վրայ։ Քանի մը տարի առաջ այդ հարցը քննարկեցի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ՝ բացատրելով, որ Հայաստան պէտք է ժամանակաւորապէս դադրեցնէ բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ, երբ տակաւին ատրպէյճանական կողմը կը կրակէ հայ զինուորներու վրայ: Հայաստան պէտք է յայտարարէ աշխարհին, որ կողմնակից է խաղաղ բանակցութիւններուն, սակայն Ատրպէյճան կը շարունակէ կրակել սահմանի երկայնքով: Կարելի չէ նստիլ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, երբ միւս կողմը կը կրակէ վրադ։ Կամ կը բանակցին կամ կը կռուին։ Կարելի չէ երկուքը միաժամանակ ընել։ Պաշտպանութեան նախարարը ինծի ըսաւ, որ ասիկա քաղաքական որոշում է, որ պէտք է ընդունուի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Օհանեան ըսաւ, որ ինք զբաղած է միայն ռազմական գործերով:
Այնուհետեւ ես հանդիպեցայ նախագահ Սարգսեանի հետ եւ անոր տուի նոյն բացատրութիւնը: Շեշտեցի, որ կոչ չեմ ըներ ջնջելու բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ, ինչ որ սխալ տպաւորութիւն պիտի ձգէր միջազգային հանրութեան վրայ: Ես կը յորդորէի նախագահը յայտարարելու, որ թէեւ Հայաստան կողմ է խաղաղ բանակցութիւններուն, Ատրպէյճան, սակայն, կը շարունակէ իր ռազմական գործողութիւնները։ Աշխարհը կը հասկնար, որ նման պայմաններու մէջ բանակցութիւնները չեն կրնար իրականանալ: Կարելի է կա՛մ բանակցիլ, կա՛մ կռուիլ, բայց ոչ երկուքը միասին: Հետեւաբար, Հայաստանի նախագահը պէտք է յայտարարէ, որ եթէ Ատրպէյճան այսուհետեւ կրակէ հայկական կողմի ուղղութեամբ, Հայաստան երեք ամիսով պիտի դադրեցնէ բանակցութիւնները: Եթէ ատրպէյճանական կրակոցները շարունակուին, Հայաստան պիտի երկարաձգէ բանակցութիւններու դադրեցումը: Առանց որեւէ բանակցութեան Ատրպէյճան պարտուողը կ՛ըլլայ, որովհետեւ Ատրպէյճանի համար Հայաստանէն որոշ զիջումներ կորզելու միակ հնարաւորութիւնը բանակցութիւններն են: Վերջապէս, երբ բանակցութիւնները երկար ժամանակով սառեցուին, Մինսքի խումբը ճնշում կը գործադրէ Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի ան համաձայնի ամբողջական զինադադարի, եթէ կը փափաքի շարունակել բանակցութիւնները:
Դժբախտաբար, ես չկրցայ համոզել նախագահ Սարգսեանը համաձայնելու այս խաղաղ մօտեցման։ Իբրեւ արդիւնք՝ ատրպէյճանցներու կրակոցները շարունակուեցան բանակցութիւններու ընթացքին՝ մինչ տասնեակ հայ եւ ատրպէյճանցի երիտասարդ զինուորներ զոհուեցան։
Այսուհանդերձ, ես մեր հանդիպումէն որոշ ժամանակ ետք ուրախութեամբ կարդացի, որ, ըստ ,Մեդիամաքսե լրատուական գործակալութեան, նախագահ Սարգսեան 24 Հոկտեմբեր 2017ին, Հայաստանի պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանին մէջ իր դասախօսութեան ընթացքին յայտարարած էր. ,Կա՛մ կը բանակցինք, կամ ալ՝ կը կրակենք: Երկուքին ալ մենք պատրաստ ենքե։ Ան նաեւ յայտարարած էր, որ բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենան փոխադարձ վստահութեան պայմաններու մէջ, որ կը կառուցուի հրադադարի դրութեան հաւատարիմ մնալով, մինչդեռ սադրանքները պարզապէս անկարելի կը դարձնեն գործընթացը։
Դժբախտաբար, նախագահ Սարգսեան միայն մասնակիօրէն յայտարարեց իմ առաջարկածը։ Ան չէր յիշած իմ արտայայտած նախազգուշացումը՝ Ատրպէյճանին, այն մասին, որ բանակցութիւնները յաջորդ անգամ կը դադրեցուին, եթէ ատրպէյճանցիները կրակեն սահմանին վրայ:
Այսուամենայնիւ, ես կը կարծեմ, որ ճիշդ ժամանակն է, որ Հայաստանի նոր ղեկավարները նկատի ունենան իմ առաջարկը, մանաւանդ որ նախագահ Ալիեւ յայտարարած է, որ չի հաւատար ,անիմաստե բանակցութիւններուն: Ես դժգոհ էի, երբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վերջերս յայտարարեց, թէ Հայաստան պատրաստ է վերսկսելու Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն, կարծես թէ Յուլիսի սկիզբի յարձակումները տեղի չեն ունեցած: Միայն այն պարագային Ատրպէյճան զերծ կը մնայ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ նոր գրոհներ կազմակերպելէ, եռբ շատ սուղ գին վճարէ, թէ՛ ռազմական, թէ՛ դիւանագիտական առումով։ Ինչպէս միշտ, անարդիւնաւէտ կ՛ըլլայ շարունակել բանակցութիւնները՝ անտեսելով գրոհները: Ատիկա պարզապէս կը խրախուսէ Ատրպէյճանը՝ շարունակելու կրակոցները եւ հրետակոծութիւնները:
Այս ընթացքին, հայերը թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Հայաստանի սահմաններէն դուրս պէտք է մէկ կողմ դնեն իրենց ներքին տարաձայնութիւնները եւ ամէն ջանք գործադրեն Հայոց բանակը հզօրացնելու համար: Այժմ ներքին տարաձայնութիւններու ժամանակը չէ, երբ մեր թշնամիները՝ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան, կը փորձեն մեր վճռականութիւնը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, ,Քալիֆորնիա Քուրիըրե թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ