ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը իր բոլոր մասնաճիւղերուն եւ 6750 անդամներուն կողմէ կը ցաւակցի եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին եւ լիբանանահայութեան:
Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին պատճառաւ վիրաւորուածներուն, ոյժ ու համբերութիւն՝ անտուն մնացողներուն:
Աստուած լուսաւորէ բոլոր զոհուած ննջեցեալներուն հոգիները, յիշատակը անթառամ պահէ եւ մխիթարէ անոնց ընտանիքները:
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու
Շրջանային Վարչութիւն