2019ին, «Մէկ Գիւղ» համագործակցութիւնը, որ ծնունդ առաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու զարգացման ծրագիրի շրջանակներուն մէջ ստանձնեց Տաւուշի մարզի Նաւուր համայնքի միջնակարգ դպրոցի հովանաւորութիւնը։ Այս համագործակցութիւնը, որուն կը մասնակցին 11 տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, կազմուեցաւ 2014ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով։ Համագործակցութեան առաջին առաքելութիւնն էր միասնական ուժերով օգնել Քեղարքունիքի Մարտունի գիւղին։
Մայիս 2020ին, իբրեւ «Մէկ Գիւղ» համագործակցութեան մէկ անդամը, ԱՀԱԸն Նաւուրի դպրոցին նուիրուեց 1,300,000 դրամի արժողութեամբ բնագիտութեան տարրալուծարան մը, որ մեծ ոգեւորութիւն եւ աշխուժութիւն պարգեւեց ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն։
Այժմ դպրոցին տարրալուծարանը ապահովուած է բնագիտական, ելեկտրաուժային եւ մակնիսականութեան բաժանմունքներու գրեթէ բոլոր տեսակի փորձերու համար՝ իրենց մեթոտաբանութեան ցուցմունքներով։ Դպրոցին տնօրէնութիւնը, ուսուցիչները, աշակերտները եւ ծնողները իրենց խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեն ԱՀԱԸին այս հիանալի նախաձեռնութեան համար։
Մինչ օրս՝ «Մեկ Գիւղ» համագործակցութիւնը Նաւուրի մէջ իրականացուցած է շարք մը կրթական, զարգացման եւ օգնութեան ծրագիրներ, ներառեալ՝ ջրատարի տեղադրումը, ֆութպոլի դաշտի կառուցումը եւ դպրոցին՝ կահոյքի տրամադրումը։
Դրականօրէն արձագանգելով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգիսեանի կոչին՝ ԱՀԱԸն 25,000 տոլարի ներդրումով աջակցեցաւ նաեւ Սահմանամերձ համայնքները հզօրացնելու շտապ օգնութեան արշաւին:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.amaa.org կայքէջը։