Ապրիլ 2020ի կէսերուն սկսած ՀԲԸՄի Համաշխարհային Մարդասիրական Օգնութեան hիմնադրամի նախաձեռնութեան իբրեւ պատասխան՝ աշխարհի զանազան կողմերէն նուիրատուներու ցուցաբերած աջակցութեան ծաւալը գործնական դրսեւորումը կը հանդիսանար կազմակերպութեան «Միութիւնը զօրութիւն է» նշանաբանին:
Համաճարակին վերաբերող օգնութեան աշխատանքներուն իբրեւ աջակցութիւն՝ հանրութեան զանազան շրջանակներ եւ նուիրատուներ, կատարուած կոչերուն անսալով՝ իրենց նիւթական աջակցութիւնները հասցուցած էին միութեան շրջանային կեդրոնները:
31 Յուլիսին, արշաւը հասաւ իր մէկ միլիոն տոլարի առաջին նշաձողին: Սակայն միայն չորս օրեր ետք, երբ պատահեցաւ Լիբանանը ցնցող նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը, հրատապ փրկարարական եւ օգնութեան գործողութիւններու համար նախաձեռնուած հանգանակութիւնը, երեք օրերու ընթացքին անցաւ մէկ միլիոն տոլարի սահմանը: Այդ գումարը կրկնապատկեց Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլը, որ խոստացաւ այսուհետեւ հաւաքուած գումարը եւս կրկնապատկել։
Մարդասիրական օգնութեան կարիքը սրացում արձանագրած է՝ իբրեւ արդիւնք բնակարաններու եւ վաճառականական հաստատութիւններու ֆիզիքական լայնատարած քանդումին, որ կու գայ աւելնալու արդէն իսկ նիւթական եւ առողջապահական տագնապին իբրեւ արդիւնք, ժողովուրդը ճնշող կեանքի եւ ապրուստի մտահոգութիւններուն վրայ:
Նախագահ Պերճ Սեդրակեան, ակնարկելով հայաշխարհի զանազան կողմերէ հասնող լայնածաւալ աջակցութեան՝ ըսաւ, թէ անիկա արտայայտութիւնն է «իրերօգնութեան հայկական բնածին պատասխանատուութեան գիտակցութեան:»
«Այժմ մենք պէտք է աւելի եւս լարենք մեր ուժերը, հասնելու համար Լիբանանի մեր աղէտեալ համայնքներուն», ըսաւ ՀԲԸՄի կեդրոնական գրասենեակի վարիչ տնօրէն Անիթա Անսըրեան :
Հիմնադրամին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ հաճեցէք ստուգել donate.agbu.org/lebanonrelief կայքէջը կամ դիմել (212) 319-6383 թիւին։ Դրամատնային փոխանցումի համար՝ կապուիլ giving@agbu.org հասցէով: Լիբանանին օգնութիւն փութացնելու համար՝ հաճեցէք առցանց կատարել ձեր նուիրատուութիւնները: