ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիա անհանգստացած է Սեւրի դաշնագիրին 100ամեակին առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վարչապետին եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէն այս գծով հնչած յայտարարութիւններէն։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անուղղակիօրէն սպառնացաւ՝ յայտարարելով ․ «Ժամանակը եկած է, որ Հայաստանի պետական մարմինները յարձակողական ազգայնական քաղաքականութենէն հրաժարին եւ խելքերնին գլուխնին հաւաքեն»։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Սեւրի պայմանագիրին նպատակն էր մասնատել Թուրքիան եւ վերջ դնել անոր անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան, սակայն թուրք ազգը «պատռեց եւ պատմութեան աղբամանը նետեց զայն»։
Անգարա Հայաստանը մեղադրեց թշնամանք սերմանելու եւ «ստոր նպատակներ ունենալու» յանցանքով։
Անդրադարձ կայ նաեւ Արցախի հիմնահարցին եւ այդ գծով Հայաստան կը մեղադրուի «Ատրպէյճանի տարածքները բռնագրաւելու եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման առջեւ միակ խոչընդոտը ըլլալու» յանցանքով։