ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ – Բ.
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Նախորդ սիւնակով, արձանագրեցինք Լիբանանի այժմու կացութեան եւ անմիջական ապագայի հաւանականութեանց մասին հարցումեր, աչքի առջեւ ունենալով ներքին քաղաքական վիճակն ու տուեալները, մերթ ընթ մերթ մեր յիշողութեան առաձգական պարանը քաշքշելով դէպի մօտիկ եւ աւելի հեռու անցեալներ: Այդպէս ըրինք, որպէսզի պահ մը դուրս գանք վերջին օրերու-ամիսներու «կաշկանդումներէն», կացութիւնը դիտարկելու համար ժամանակի աւելի լայն տարածութեան մէջ, վերյիշելու կապակցութիւններ (շատ բնական է, որ անմիջական հարուածներ ու սուր տագնապներ պատճառ դառնան յիշողութեանց կրճատումին կամ դատողութեան կաշկանդումին):
Փորձենք, նոյն մօտեցումով, հարցականներ արձանագրել՝ Լիբանանի վրայ ներգործութիւն ունեցող արտաքին՝ մօտակայ եւ հեռակայ ազդակներու լոյսին տակ, եւ հարց տալ. լիբանանցիներուն պիտի արտօնուի՞ որոնել եւ գտնել լուծումի եւ բարեփոխման տարազ(ներ), հաշուելով, որ փտածութիւնը, չարաշահութիւնն ու նեխածութիւնը կրնան վերնալ մոգական գաւազանի մը շարժումով:
Աղաղակող իրականութիւն է, որ Լիբանան (եւ ո՛չ միայն Լիբանան) ինչպիսի՛ ծանր տուրք տուած է արտաքին միջամտութիւններու: Մինչեւ այսօր ալ, բնական մեծ հարստութիւններէ զուրկ Լիբանանը (եւ ո՛չ միայն Լիբանանը) կը դիտուի իբրեւ շահու աղբիւր՝ քաղաքական-ռազմավարական եւ քիչ մըն ալ նիւթական նկատառումներով: Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիայէն մինչեւ Ֆրանսա եւ այլք, Լիբանանը կ՛ուզեն տեսնել նախկին գաղութի վիճակին մէջ, անկախ, թէ գաղութատիրութիւնը ուղղակի՞, թէ՞ անուղղակի կիրարկումով կը մարմնաւորուի (նոր-գաղութատիրութիւն հասկացութիւնը ծանօթ է աշխարհի տարածքին): Կրկնենք, Լիբանան միակ «անբախտ»ը չէ, դրացիներէն՝ Սուրիան, Իրաքը, Իրանը, Ծոցի երկիրները եւ այլք նմանապէս սուղ կը վճարեն նման ախորժակներ ունեցողներու, ոմանք՝ իբրեւ թէ կամովին, ուրիշեր՝ քանդումի եւ մաշումի գնով: Զանոնք պահ մը թողունք մեր լուսանցքին տակ:
Ըլլա՛յ Լիբանանի պատերազմական տարիներուն, ըլլա՛յ անոնցմէ առաջ ու ետք, յաճախ կրկնուած նշանախօսք է. «Թող արտաքին կողմերը իրենց ձեռքերը քաշեն Լիբանանէն, Լիբանան կարողութիւնը ունի ինքզինք հաւասարակշռելու» (մինչեւ իսկ… «լիբանանցիներու նիւթական-ելեւմտական» հանելուկային հռչակաւոր տարազներով): Եւ սակայն, Լիբանան տասնամեակէ տասնամեակ, աւելի՛ եւս մխրճուած է արտաքին միջամտութիւններու յառաջացուցած տիղմին մէջ եւ հոս ալ, իւրաքանչիւր շարժում պատճառ դարձած է փրկուիլ փորձողին՝ քիչ մը աւելի աւազախրելու:
***
Արտաքին միջամտութիւններու պատմութիւնը երկար է. անոնք ալ կրնան լեցնել հատորներ: Միայն անկախութեան շուրջ 75 տարիները աչքի առջեւ ունենալով, կարելի է ցատկել այս ոլորտի մէկ գագաթէն միւսը, աչքի առջեւ ունենալու համար մօտաւոր համայնապատկեր մը: Նախ կար Պաղեստինի առաջին՝ 1948ի պատերազմ-տագնապը, որ յաջորդող տասնամեակներուն տարբեր դրսեւորումներ գտաւ նա՛եւ Լիբանանի բեմին վրայ, բաժին ունեցաւ «քաղաքացիական պատերազմ»ի հրահրման մէջ, ապրեցաւ իր ողբերգական զարգացումները, անոնց բաժնեկից դարձնելով Լիբանանը եւ իր ժողովուրդը:
Այլ գիծերու մը վրայ, արձանագրուեցան Սուէզի տագնապը, անոր յաջորդած՝ Արեւելք-Արեւմուտք բազմահանգրուան հակամարտութիւնները, արաբական աշխարհի մէջ ազգայնական շարժումներու բիւրեղացումը եւ զանոնք բթացնելու ճիգերը (Եգիպտոս-Սուրիա միութիւն, անջատում եւ հետեւող իրադարձութիւններ), արաբական աշխարհին մէջ որոշ միասնութեան մը գոյառումն ու այսօրուան տարանջատեալ վիճակը (Եմէնի մէջ, սէուտական եւ դաշնակից ուժերու յարձակումները կը բնութագրուին այնպիսի ածականներով, որոնցմով ատենին կը բնութագրուէին… արաբական երկիրներու վրայ իսրայէլեան յարձակումները): Այսօր, 1958ի դէպքերը նետուած են լուսանցքի վրայ, որովհետեւ 1969ի, 1973ի, ապա նաեւ 1975էն 1990ի դէպքերը, ներառեալ իսրայէլեան ներխուժում-գրաւումը եւ անոր բաղկացուցիչ տարրերը, Արաբական զսպիչ ուժերու մուտքն ու վախճանը, Բազմազգեան ուժերու մուտքը եւ վախճանը, յետոյ՝ 2006ի դէպքերը եւ ահա՝ վերջին տարիներու բազում զարգացումները կը կազմեն շրջանային եւ միջազգային կողմերու միջամտութեանց բարդ խճանկարը:
***
Բազմաթիւ ծանր փուլերու՝ Լիբանանի մէջ հարց ծագած է, թէ արտաքին միջամտութիւնները, լիբանանեան հարցերու «միջազգայնացումը» որքա՞ն օգտակար եղած են, որքա՞ն վնասակար: Ոմանք ջերմօրէն եւ բարի դիտաւորութեամբ պաշտպանած են «միջազգային միջամտութեան» մը կարեւորութիւնը, մոռնալով, որ միջամտող կողմ մը բարեսիրական կազմակերպութեան մը մօտեցումով պիտի չկատարէ իր գործը (հիմա, բարեսիրութիւնն ալ ունի ի՛ր գինը…): Ուրիշներ փորձած են միջին լուծումներ որոնել, այն յոյսով, որ միջամտութիւնները եւ օգնութիւնը ըլլան ի նպաստ Լիբանանի, ի խնդիր անոր շահերուն եւ իրաւունքներուն պահպանումին: Եւ իրա՛ւ որ արձանագրուած են նման միջամտութիւններ, որոնցմէ Լիբանան շահած է, որոշ անվտանգութիւն, պաշտպանական զօրակցութիւն ապահոված է, վճարելով անխուսափելի տուրքեր…
***
Այսօր, Լիբանան կը գտնուի արտաքին միջամտութիւն ընդունելու կամ քիչ մը վերապահ կանգնելու երկընտրանքին առջեւ: Սակայն կարելի չէ արհամարհել որոշ իրականութիւններ: Խոստովանինք թէ ոչ՝ Լիբանան, տասնամեակներէ ի վեր, սկսելով յետ-պատերազմեան առաջին տարիներէն, առնուած է իրողական պաշարումի տակ, այդ պաշարումէն ոմանք կը յուսան օգուտ քաղել եւ նահանջի մատնել հակադիր կողմեր, հետեւանքը կ՛ըլլայ այն, որ ամբողջ երկիրը կը կրէ վնասները: Սուրիոյ պարտադրուած պաշարումն ալ իր անխուսափելի բեռը կը դնէ Լիբանանի տնտեսութեան ուսերուն:
Պատերազմի տարիներուն, կային իրողական բաժանումներ եւ զանոնք նուիրակացնելու ծրագիրներ, տարազներ: Անոնք ի վերջոյ անցան պատմութեան, սակայն միտքերու մէջ հետքերը կը պահուին արթուն: Լիբանանեան այս կամ այն կողմ-կուսակցութիւն-կազմակերպութիւն, իր շահերուն հետամտութեան մօտեցումով (եւ իւրաքանչիւրը իրը կը նկատէ եւ կը դաւանի արդար), փորձած է եւ կը շարունակէ ապահովել արտաքին ուժի մը յենարանը, այդ ուժը ըլլայ Միջին Արեւելքի գօտիին մէջ թէ ծովերէն եւ ովկիանոսներէն, լեռնաշղթաներէն անդին: Սա բնականաբար կը ստեղծէ այս կամ այն արտաքին կողմին ծրագիրներուն եւ հաշիւներուն յանձնառու ըլլալու վիճակ (չենք ուզեր գործածել վարկաբեկիչ՝ «վարձկան»ը կամ «գործակալ»ը բառերը…): Եւ նորութիւն մը ըսած չենք ըլլար, ո՛չ ալ՝ անիւի գիւտը, եթէ արձանագրենք, որ յետանկախութեան տարիներէն ասդին, պարանաձգութեան այս խաղերը մնայուն ներկայութիւն եղած են Լիբանանի մէջ: Տարբերութիւնը այն է եղած, որ անցեալին, նման խաղերէ այս երկիրը նուազ կը վնասուէր, տարուէ տարի «տուրքերը» բարձրացած են եւ ճնշիչ դարձած: Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել, օրինակի համար, լիբանանեան թղթոսկիին, հետեւաբար նաեւ տնտեսական-ելեւմտական վիճակին արագ անկումը (հիմա 80ականները կը յիշուին իբրեւ երանելի՜ օրեր…):
Արտաքին միջամտութեանց ծանր հետեւանքներուն տարողութիւնը լիբանանցիք տարիներէ ի վեր կը զգան իրենց մորթին եւ ապրուստի վիճակին վրայ, այնքան մը, որ իր ապագան հայրենիքին մէջ տեսնելու երիտասարդութեան ունակութիւնը բթացած է, անդին, որոշ փոքրամասնութիւններ ինկած են կարկանդակէն բաժին ունենալու եւ անմիջական «հարազատներու» հետ բաժնեկցելու խօլ մրացավազքի մէջ, վերականգնելով «ինձմէ ետք՝ ջրհեղեղ» սկզբունքը, եւ այս՝ ի հեճուկս Լիբանանին, ժողովուրդի զանգուածին:
Տակաւին, բացայայտ գաղտնիք է, որ կառավարութիւններ տապալելու, արդարութիւն, բարեփոխութիւն հետապնդելու եւ այլ բարեմիտ-բարենպատակ շարժումներ ինչպիսի՛ չարաշահումի կ՛ենթարկուին նման հոսանքներէ, որոնց ջրաղացին անիւը շարժման մէջ կը դնեն նաեւ արտաքին հովեր: (Նկատի չունինք այս կամ այն որոշ կողմ մը, սակայն կ’ուզենք իրարմէ զատորոշել այդ հովերէն Լիբանանին օգուտ քաղելու ձգտող, այդ նպատակով պայքարող կողմերը):
***
Արդ, առանց յաւելեալ եւ բոլորին ծանօթ մանրամասնութիններու մէջ մտնելու, հարց կը ծագի, թէ լիբանանեան կողմերու ամէնէն բարեմիտ դիտաւորութիւններն անգամ իրենց դիմաց պիտի չգտնե՞ն արտաքին այս կամ այն ուժին, հոսանքին ազդեցութիւնը, մասնակի նպատակները:
Անկախ ներքին-քաղաքական համախոհական տարազի մը որոնումէն, Լիբանան կը կարօտի նիւթական հսկայական օժանդակութիւններու, որովհետեւ իր կարիքներուն սնտուկին վրայ միայն նոր յարկեր աւելցան նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով: Ոեւէ դիտարկող հաւանաբար դժուարութիւն պիտի չունենայ տեսնելու, թէ հիմա, երբ արտաքին օժանդակութեանց խոստումներ կը ցանկագրուին, կան կողմեր-խմբակներ, որոնք իրենց ձեռքերը կը շփշփեն գաղտաքողի կերպով, երազելով, որ գալիք նպաստները ինչպէ՜ս պիտի կարենան հոսեցնել այս կամ այն մասնակի-անհատական սնտուկին մէջ, իսկ նպաստողներն ալ, իրենց «տէրերը», ուրիշ կողմ պիտի նային, այն ակնկալութեամբ, որ իրենց «գործակատարները» պէտք է վարձատրուին, որպէսզի իրենց հաշիւները իրականանան ա՛յլապէս…: Եթէ նախկին կառավարութեանց փտածութիւնը պատճառաբանելով՝ օժանդակելու պատրաստ երկիրներ այսօր բարեմտաբար կը յայտարարեն, թէ կառավարութեան խողովակով պիտի չտրամադրեն աջակցութիւնը, նոյն այդ երկիրները արդեօք ո՞ւր էին անցեալ տասնամեակերուն, երբ իրերայաջորդ կառավարութիւններ զերծ կը կացուցուէին նմանօրինակ իրողական ամբաստանութիւններէ: Պէյրութի վերաշինութեան, արաբական օժանդակութեանց թղթածրարները հարուստ պատմութիւն արձանագրած են այս իմաստով: Յետոյ, եթէ յիշողութեան առաձգական պարանը շատ չերկարենք իսկ, դժուա՞ր է յիշելը՝ թէ ինչպէ՛ս, տակաւին վերջերս, ամբաստանեալ անհատի մը ազատ արձակումը եւ երկրէն անոր մեկնում պարտադրուեցաւ Լիբանանին, ա՛յն Լիբանանին, որուն պաշտօնական իշխանութիւնները այսօր կասկածանքով եւ անվստահութեամբ կը դիտուին (սա ինքնաբերաբար անպարտութեան վկայական չի շնորհեր կառավարութեանց որոշ անդամներու):
Այլ խօսքով, լուծումներու համար, այսօր արտաքին կողմեր-ուժեր նոյնքան աշխոյժ աշխատանքի մէջ են՝ Լիբանանի իշխանութեան ղեկին վրայ «իրենց մարդը» տեսնելու-ապահովելու դիտաւորութեամբ: Այս մասին հաւանաբար պէտք չէ բարձրաձայն արտայայտուիլ, սակայն տեղ մը վարագոյրները պէտք է բարձրացնել քիչ մը, ի խնդիր Լիբանանի (եւ ո՛չ միայն Լիբանանի) բարիքին, իրաւունքին, բարօրութեան հետամտութեան:
Կը մնայ հարցերուն հարցը՝ Որքա՞ն կարելի է «ապահարզան» մը յառաջացնել Լիբանանը տագնապեցնող, մաշեցնող ներքին ու արտաքին գործօններուն միջեւ: Լիբանանցիք ունին դիպուկ խօսք մը. «Լա մըժաուազ-լա մըթալլագ» (ո՛չ ամուսնացած, ո՛չ ամուսնալուծուած): Նման կիսկատար ու անտրամաբանական վիճակ ցանկալի չէ, սակայն եկուր տե՛ս, որ Լիբանան (եւ ո՛չ միայն Լիբանան) այսօրուան աշխարհին մէջ չի կրնար ապրիլ՝ վերականգնիլ առանց արտաքին օժանդակութեան, որ լռելեայն կամ բացայայտ կերպով կը նշանակէ՝ միջամտութեան: Հոս ալ կայ բարդ հանելուկ մը լուծելու հրամայական մը: Այլապէս, ո՞վ չի կրնար երեւակայել, թէ Չինաստանի հետ առանց յետին հաշիւներու համաձայնութեան մը պարագային, նաւահանգիստին կործանած կառոյցները, մթերանոցները եւ այլ սարքերը կարելի է վերականգնել քանի մը ամիսէն (Պսակաձեւ ժահրի համաճարկին տարածման առաջին օրերուն, Չինաստանի մէջ հսկայական հիւանդանոց մը կառուցուեցաւ եւ սարքաւորուեցաւ շուրջ 10 օրուան մէջ: Նաւահանգիստին կառոյցները ճարտարապետական կոթողներ ըլլալու կոչուած չեն, ամէնէն բարդը՝ ցորենի պահեստանոցի հսկայական կառոյցը եւ նման միաւորներ են: Այլապէս, չենք անտեսեր բնակարանային եւ առեւտրական շէնքերը, ելեկտրականութեան ընկերութեան կեդրոնին պէս կառոյցներ):
***
Զգացական կամ նշանախօսքային տրամաբանութեամբ չէ, որ կ՛ուզենք արձանագրել հետեւեալը: Լիբանան բազմիցս կործանումներ ապրած է երկրաշարժի, պատերազմի եւ այլ պատուհասներու բերումով: 4 Օգոստոսի աղէտը աննախընթաց էր եւ իւրայատուկ, սակայն Փիւնիկը հոն է ու պէտք է պահպանել զայն, ապահովել մոխիրներէն անոր յառնումը:
Արտաքին օժանդակութիւնները եւ անոնց պայմանաւորած միջամտութիւնները դրսեցիին համար կրնան այս արժէքը չունենալ. Ներքին որոշ հատուածներ ու խմբակներ ալ կրնան իրենց դանակները սրել, մտածելով, որ եթէ Փիւնիկը պիտի տապկուի եւ ուտուի, գոնէ իրենք ալ պատառ մը հասցնեն իրենց ստամոքսը (իսկ Փիւնիքը կարելի՞ է Սուշիի պէս հում ուտել): Ահա այս է մեծագոյն մարտահրաւէրը՝ Լիբանանի բոլոր կողմերուն դիմաց: Ինչպէ՞ս ընել, որ արտաքին օժանդակութիւնները եւ անխուսափելի միջամտութիւնները այնպէս մը հաւասարակշռուին տեղական հաշիւներու հետ, որմէ երկիրն ու ժողովուրդը օգտուող ըլլան, դրամանիշը եւ դրամատնային բնականոն վիճակը վերականգնին, կեանքը վերագտնէ նոր հուն մը, տարբեր՝ անդառնալիօրէն մեկնած անցեալէն: Անցեալի ղեկավարներուն՝ բոլոր համայնքներու ղեկավարներուն այս գիծը օրինակելի բաներ ունի անկասկած: Դրսեցին, մանաւանդ թշնամական վերաբերմունք ունեցողները վստա՛հաբար հազար ու մէկ արգելակ պիտի յառաջացնեն, որուն դիմաց, լիբանանեան բոլոր կողմերը, եւ ի խնդիր իրե՛նց շահերուն, եւ անոնց գումարը եղող՝ Լիբանանի՛ շահերուն, պէտք է գտնեն խօսքի աճուրդէ դուրս գալու, խօսքը գործին միացնելու կարելի տարազը: Նման իրագործումի համար, լիբանանցիները, բոլո՛ր լիբանանցիները անխտիր, պէտք է խլեն ինքզինք տնօրինելու իրաւունքը:
Կարդալ Նայեւ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ – Ա.