ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Ինչպէս յայտարարուած էր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Ժընեւի մէջ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին համար յատուկ հաշիւ մը բացուած է: Վեհափառը կոչ ուղղած էր, որ յիշեալ հաշիւին կատարուին բոլոր օժանդակութիւնները: Ստացուած օժանդակութիւնները պիտի փոխանցուին Լիբանանի հայութեան վերականգնումի յանձնախումբին, որպէսզի անիկա կարենայ շուտով լծուիլ գործնական աշխատանքի:
Ցարդ գումարներ ստացուած են հետեւեալ հաստատութիւններէն եւ անձերէն. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւն, «Տաշիր» ընկերութիւն (Սամուէլ Կարապետեան), «Բարեգործական» հիմնադրամ (Գագիկ Ծառուկեան), «Լոյս» հիմնադրամ (նախկին նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան), «Օրօրա» կազմակերպութիւն (Նուպար Աֆէյեան, Ռուբէն Վարդանեան), Տիգրան Ճիկերեան (Ֆրանսա): Նաեւ անհատներ իրենց նուիրատուութիւնները փոխանցած են յիշեալ հաշուեգլխուն:
Լիբանանի հայութեան վերականգնումը համազգային առաջնահերթութիւն է, ինչպէս շեշտեց Արամ Ա․ կաթողիկոսը: Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ թեմերը, կառոյցները ու ազգայինները շարունակեն իրենց օժանդակութիւնները կատարել հետեւեալ հաշիւին․
Beneficiary: ARMENIA CATHOLICOSATE OF CILICIA
Bank: Bank pictet & Cie SA, Route des Acacias 60, CH-1211 Geneva 73
Account: M-502039
IBAN: CH61 08755 0502 0390 0300
SWIFT Code: PICTCHGG