ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
3 Նոյեմբեր 2020ին, Ամերիկայի ժողովուրթը, որուն շարքին՝ ամերիկահայերը, պիտի քուէարկեն Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահի օգտին։
Թէ զո՞վ պէտք է ընտրենք 3 Նոյեմբերին՝ իբրեւ նախագահ եւ փոխնախագահ, չափազանց վիճայարոյց թեմա է: Կան ուժեղ եւ բուռն զգացումներ՝ կողմ կամ դէմ ,Պայտընի եւ Թրամփի նկատմամբ, որոնք յաճախ կ՛արտայայտուին կոպիտ եւ վիրաւորական խօսքերով:
Նկատի ունենալով նախագահ Թրամփի թրքամէտութիւնը, հայկական հարցերու մէջ գոյութիւն չունեցող անոր դիրքորոշումը եւ իր անկայուն կեցուածքը, ես որոշած եմ քուէարկել Պայտըն-Հերիս թեկնածու զոյգին օգտին։ Այսպէս վարուելու դրդապատճառը ոչ միայն անոնց թեկնածութիւններուն արժանիքներն են, այլեւ առաւելաբար Թրամփ-Փենս զոյգի անյաջողութիւնները։ Հետեւաբար, յօգուտ Պայտըն-Հերիս զոյգին քուէարկելը, անշուշտ, քուէարկութիւն է ընդդէմ Թրամփի եւ Փենսի: Չորս տարի առաջ ես չէի քուէարկած Թրամփի, ոչ ալ Հիլըրի Քլինթընի օգտին՝ նկատի ունենալով իմ ամբողջական հիասթափութիւնը երկու թեկնածուներէն:
Այսուամենայնիւ, այս անգամ չեմ կրնար չէզոք մնալ, որովհետեւ Թրամփի կառավարման յաւելեալ չորս տարիները կ՛ըլլան Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարութեան եւ աշխարհի հետ ամերիկեան յարաբերութիւններու կործանումը։ Միացեալ Նահանգները չի կրնար շարունակել պատանդ պահուիլ Ամերիկայի ծայրայեղ աջակողմեան փոքրամասնութեան կողմէ, որուն վրայ կը հիմնուի Թրամփ: 2016ին, ընտրողներու յատուկ մարմինը փրկեց Թրամփը՝ թէեւ ան Հիլիրի Քլինթընէն 3 միլիոն ձայն պակաս հաւաքած էր։
Հայկական հարցերուն պարագային, բկատի ունենալով, որ հայ համայնքին հիասթափութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներու նախընտրական շռայլ խոստումներէն, որոնք անտեսուած են անոնց ընտրուելէն ետք, ես լաւատես չեմ, որ ամէն ինչ որ խոստացած է Պայտըն-Հերիս զոյգը կ՛իրագործուի, զոյգին ընտրութեան պարագային։ Այսուամենայնիւ, մենք բազմիցս ականատես եղած ենք Թրամփի սիրալիր յարաբերութեան՝ Թուրքիոյ բռնապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, ինչ որ մօտիկ ապագային պիտի չաւարտի:
Սակայն թուրք ղեկավարները բաւական խելացի են՝ ընտրութիւններէն ետք Պայտըն-Հերիս զոյգը իրենց կողմը թեքելու համար, ինչպէս այդ ըրած են Թրամփի եւ նախորդ շատ ուրիշ նախագահներու պարագային: Ասիկա կ՛ըլլայ վճռական ճակատամարտ թուրք եւ հայ լոպիիստներուն միջեւ. ճակատամարտ մը, որ, դժբախտաբար, բազմաթիւ անգամներ Թուրքիան շահած է:
Նախագահական աթոռի թեկնածու Ճօ Պայտըն եւ փոխնախագահութեան թեկնածու Քամըլա Հերիս յստակօրէն արտայայտած են իրենց աջակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին:
16 Սեպտեմբեր 2019ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ուղղած իր նամակին մէջ նախագահական թեկնածու Ճօ Պայտըն յայտարարեց․ «Միացեալ Նահանգները պէտք է միանգամընդմիշտ հաստատէ մեր դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ։ Մենք երբեք պէտք չէ մոռանանք կամ լռենք ազգի մը ոչնչացման ուղղուած այս սարսափելի եւ համակարգուած գործողութիւններուն մասին, որոնք 1․5 միլիոն հայ տղամարդոց, կիներու եւ մանուկներու մահուան եւ իրենց տուներէն 2 միլիոն հայերու զանգուածային տեղահանման պատճառ դարձած են: Եթէ մենք բոլորովին չգիտակցինք, չոգեկոչենք զոհերուն յիշատակը եւ մեր մանուկներուն չպատմենք Ցեղասպանութեան մասին, «Այլեւս երբեք» արտայայտութիւնը կը կորսնցնէ իր իմաստը: Փաստերը պէտք է ըլլան նոյնքան պարզ եւ համոզիչ ապագայ սերունդներուն համար, ինչպէս նաեւ անոնց համար, որոնց յիշողութիւնը բթացած է ողբերգութենէն: Ցեղասպանութեան փաստը չյիշելը կամ չճանչնալը միայն ճամբայ կը բանայ զանգուածային ապագայ վայրագութիւններու»։
Թէեւ այս մէկը շատ օգտակար յայտարարութիւն է, Պայտըն իր գրութենէն դուրս ձգած է Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործի՝ Օսմանեան կայսրութեան կամ Թուրքիոյ անունը։
Իբրեւ ծերակուտական՝ Պայտըն վաղուց կը սատարէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ տարբեր բանաձեւերու, սակայն երբ ան փոխնախագահ էր, նախագահ Պարաք Օպաման խափանեց Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բոլոր ջանքերը՝ խախտելով քարոզչական իր բազմակի խոստումները: Ասոր փոխարէն, Հայոց Ցեղասպանութիւնը նկարագրելու համար Օպամա բազմիցս օգտագործեց «Մեծ Եղեռն» եզրոյթը, որ նոյնութեամբ պատճէնուած է նախագահ Թրամփի կողմէ վերջին չորս տարիներուն։ Ծիծաղելի է, որ երկու նախագահները տարակարծիք են գրեթէ բոլոր հարցերու շուրջ՝ բացառութեամբ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրոյթէն խուսափելու իրենց համաձայնութենէն:
Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական՝ փոխնախագահի թեկնածու Քամըլա Հերիս 16 Սեպտեմբեր 2019ին նամակ մը յղեց Ամերիկայի Հայկական Համագումարին՝ իր աջակցութիւնը յայտնելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին: «Ես հպարտ եմ, որ համահեղինակ եմ Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւին, որմով կ՛ապահովուի, որ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը պատշաճ կերպով արտացոլէ եւ ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափները: Երբ խօսք կ՛ըլլայ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու մասին, մենք երբեք չենք կրնար լռել․ մենք միշտ պէտք է խօսինք անցեալի տհաճ ճշմարտութիւններու մասին, որպէսզի չկրկնենք զանոնք», նշեալ նամակին մէջ կ՛ըսէ Հերիս:
Նկատի ունենալով անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերու ընդունումը՝ հայկական հարցերը այլեւս չեն սահմանափակուիր Հայոց Ցեղասպանութեան վերահաստատումով Կան նաեւ շարք մը այլ կարեւոր հարցեր, ինչպէս` աւելի մեծ տարողութեամբ արտաքին օգնութեան տրամադրումը Հայաստանին ու Արցախին, Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւումը, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան սատարումը, եւ Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելը` Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու համար: Ասոնք հիմնահարցերուն քանի մը հատն են, որոնց վերաբերեալ ամերիկահայերը պետք է պահանջեն Պայտըն-Հերիս զոյգէն, որ ամուր դիրքորոշում որդեգրեն՝ նախքան անոնց սատարելը նախագահի եւ փոխնախագահի պաշտօններուն նկատմամբ։
«Թրքական Ժառանգութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Ալի Չինար 12 Օգոստոս 2020ին, թրքական «Տէյլի Սապահ» թերթին մէջ, նկարագրելով Պայտընի բացասական տեսակէտները Թուրքիոյ վերաբերեալ՝ գրած է հետեւեալը.
« – Ան դէմ է Թուրքիոյ «Ինճիրլիք»ի ռազմակայանին մէջ միջուկային զէնք պահելուն:
– Ան դէմ է Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն Սուրիոյ մէջ եւ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները դաւաճանած է YPG/PKKին («Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատներ»/«Քրտական բանուորական կուսակցութիւն»)։
– Ան յայտարարութիւններ ըրած է Թուրքիոյ մամուլի ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու մասին մտահոգութիւններու վերաբերեալ:
– Ան կը շեշտէ, որ Թուրքիա պէտք է մեկուսացուի արեւելեան Միջերկրական ծովուն մէջ իր դաշնակիցներուն հետ համագործակցութենէն:
– Ան կը պաշտպանէ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական S-400 հրթիռներու դուրս բերուիլը, հակառակ պարագային պատժամիջոցներ կը պահանջէ:
– Ան ոչ մէկ յայտարարութիւն ըրած է «Կիւլենի ահաբեկչական խմբաւորման» (FETÖ), կամ անոր անդամները Թուրքիոյ յանձնելու մասին, իսկ անոր փոխնախագահութեան շրջանին բան չէ կատարուած այս հարցին ուղղութեամբ:
– Ան քննադատած է Սուրբ Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումը:
– Ան ըսած է, որ պիտի ճանչնայ այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
Այս պահէն մինչեւ 3 Նոյեմբեր 2020 ի նախագահական ընտրութիւնները, մեր հետագայ յօդուածներուն մէջ շատ աւելի ըսելիք կայ Պայտընի եւ Թրամփի եւ անոնց դիրքորոշումներուն մասին հայկական եւ թրքական հարցերուն վերաբերեալ։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ