ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».- Էդգար Շաթիրեան նախնական համաձայնութիւն տուաւ դառնալու Սահմանադրական դատարանի դատաւորի պաշտօնին կառավարութեան թեկնածուն:
«Սիվիլնեթ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Շաթիրեան յայտնեց, որ նախնական համաձայնութիւն տրուած է, սակայն մինչեւ պաշտօնապէս թեկնածութեան առաջադրումը կը նախատեսուին հանդիպումներ իշխող ուժի ներկայացուցիչներուն հետ, որմէ ետք կառավարութիւնը իր դիրքորոշումը պիտի յստակացնէ: Շաթիրեան չբացառեց, որ այլ թեկնածուներուն հետ եւս քննարկումներ եղած ըլլան:
Շաթիրեան «Իմ Քայլ»ի թեկնածուն էր Փտածութեան կանխարգիլման յանձնաժողովին մէջ, ան ընտրուեցաւ Նոյեմբերին, առաջադրուեցաւ նաեւ յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին, սակայն յանձնաժողովի անդամներուն միջեւ տեղի ունեցած քննարկումէն ետք այդ պաշտօնը վարեց Հայկուhի Յարութիւնեան, որ «Լուսաւոր Հայաստան»ի կողմէ առաջադրուած է։ Այնուհետեւ Շաթիրեան հրաժարեցաւ յանձնաժողովին մէջ իր պաշտօնավարումէն: